Ուշագրաւ է անշուշտ, որ ի տարբերութիւն միւս երկու կուսակցութիւններուն ՍԴՀԿ-ն ունի երիտասարդ առաջնորդ մը, յանձինս՝ Վանիկ Տագէսեանի։
Օրերս Լիբանանի ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելած է Անթիլիասի Կաթողիկոսարան եւ ընդունուած Աթոռի Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին կողմէ։
Այս մասին կը կարդանք Անթիլիասի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է
Ուրբաթ, 24 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) Լիբանանի վարիչ մարմինին ներկայացուցիչները:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանրապէս Հայաստանէն ներս տիրող վերջին զարգացումներուն եւ մասնաւորաբար Լիբանանի այժմու կացութեան, ինչպէս նաեւ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ միջ-կուսակցական գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ մեր գաղութները յուզող հարցերուն շուրջ։
Ուշագրաւ է անշուշտ, որ ի տարբերութիւն միւս երկու կուսակցութիւններուն ՍԴՀԿ-ն ունի երիտասարդ առաջնորդ մը, յանձինս՝ Վանիկ Տագէսեանի։