image

Թրքական զինամթերք դէպի Լիբանան. Իրաւապահ մարմիններ բռնագրաւած են ատրճանակներով լեցուն բեռնատար մը

Թրքական զինամթերք դէպի Լիբանան. Իրաւապահ մարմիններ բռնագրաւած են ատրճանակներով լեցուն բեռնատար մը

Լիբանանի ապահովական մարմիններ երէկ յաջողած են մեծ քանակութեամբ զինամթերք բռնագրաւել։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց արաբատառ՝ «Նիտաա Ալ Ուաթան» պարբերականէն։

Աղբիւրը մասնաւորապէս կը նշէ, որ բռնագրաւուած զինամթերքը թրքական է եւ այն հասած է ծովային ճանապարհով։

Նախնական տուեալներով կը հաղորդուի, որ շուրջ 500 կտոր զէնք փոխադրող բեռնատար կառքին մէջ հրդեհ ծագած է, որուն հետեւանքով ալ իրաւապահ մարմիններ կարողացած են հասնիլ եւ կալանքի տակ առնել զինամթերքը։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ զինամթերքը Լիբանան հասած էր Թրիփոլիի նաւահանգիստին ճամբով եւ այն պատուիրուած էր արաբ-պաղեստինցի զէնքի վաճառականի մը, որ կայք հաստատած է Լիբանանի հարաւային Սայտա (Sidon) քաղաքին մէջ։

Մեր հետեւորդներուն յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ դէպի Լիբանան թրքական զինամթերքի ներհոսք կը նկատուի։

Տարբեր առիթներով Թուրքիայէն ներածուած մեծ քանակութեամբ զինամթերք հասած է, որոնց մէկ մասն ալ բռնագրաւուած է։ Թէ ինչ նպատակներով Թուրքիան զէնք կը վաճառէ տնտեսական ծանր պայմաններու տակ տառապող Լիբանանին դեռ պարզ չէ, ու նաեւ յստակ չէ, թէ ինչ հիմքերով ու դրամագլուխներով աշխուժացած են Լիբանանի մէջ «մեծ աւանդ» ունեցող պաղեստինցի զէնքի վաճառականները։