image

Պէյրութի բախումներ. Զոհերուն թիւը հասաւ 6-ի

Պէյրութի բախումներ. Զոհերուն թիւը հասաւ 6-ի

Պէյրութի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Հուրրա» կայանէն։

Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ այսօր գրանցուած բախումներուն հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 6-ի եւ կան տասնեակ վիրաւորներ։

Յիշեցնենք, որ  այս առաւօտ կրակոցներ գրանցուած էին Պէյրութի ծայրամասային հատուած համարուող «Թայյունէ»  շրջանին  մէջ եւ մինչեւ այս պահը յայտնի չէ, թէ որ կողմը եղած է կրակ բացողը։

Լիբանանեան բանակի  աղբիւրներ  հաղորդած են, որ բանակը  ձերբակալած է «Թայյունէ» շրջանին մէջ կրակ բացողներէն մին, նշելով նաեւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը շատ խիստ պիտի վարուի բոլոր  օրինախախտներուն հետ։

Յիշեցնենք նաեւ, որ երկրին մէջ ծագած լարուածութիւնը կապ ունի Պէյրութը ցնցած նաւահանգիստի աղէտալի պայթումին  դատաքննական գործընթացներուն հետ։