image

Պէյրութէն Երեւան մաս կազմելու՝ «Դասաւանդիր Հայաստան»ին

Պէյրութէն Երեւան  մաս կազմելու՝  «Դասաւանդիր Հայաստան»ին

Քանի մը օր առաջ Պէյրութահայ Բիւրեղ Քէօշկէրեանին հարց տուած են՝ կուզէ՞ Արցախի մէջ դասաւանդել։ «Ի հարկէ»,-պատասխանած է։ Արցախի մէջ մարմնամարզութիւն դասաւանդող լիբանանահայ դասընկերուհիի օրինակով Բիւրեղ Քէօշկէրեանը եկած է Հայաստան։

«Մենք՝ սփիւռքի մէջ ապրողներս, կ'ուզենք Հայաստանին ինչ-որ կերպ օգնել։ Հիմա ամենաճիշդ ձեւը աշակերտներուն ուսում տալն է։ Բոլոր միջոցները կեդրոնացած են Երեւանի մէջ, եւ գիւղի աշակերտները յառաջդիմելու հնարաւորութիւն չունին։ Եթէ ամբողջ ներուժը մէկ տեղ ըլլայ, երկիրը չի կրնար առաջ երթալ»։

21-ամեայ  երիտասարդուհին Հայաստան տեղափոխուած է առանձին։ Կ'ըսէ, որ միակ խնդիրը ընտանիքէն հեռու ըլլալն է, բայց ատոր ալ կը վարժուի։

«Ինչ քայլ որ ուզեմ ընել, ծնողներս առաջին քաջալերողներն են։ Երբ ըսի, որ պիտի դիմեմ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»-ին, ինծմէ աւելի ուրախացան, որ պիտի գամ ու այստեղ փորձեմ բան մը փոխել»։

Լիբանանի հայկական քոլէճներէն մէկուն մէջ Բիւրեղը տարրաբանութիւն (chemistry) դասաւանդած է։ Հայաստանի կրթական համակարգին ծանօթ չէ ու այդ իր գլխաւոր մարտահրաւէրը կը համարէ։ Դեռ չի գիտեր, թէ 1 սեպտեմբերին ուր պիտի ըլլայ, բայց աշակերտներու հետ առաջին հանդիպմանն արդէն կը պատրաստուի։

«Կը պատկերացնեմ, որ պիտի երթամ համայնք, բոլորը պիտի նային՝ նոր անձ եկեր է, ու պիտի սկսին հարցնել՝ ո՞վ ես, ինչո՞ւ համար եկեր ես։ Առաջին օրը, որ դպրոց երթամ, շատ հաւանական է, որ մտածեն՝ ուսուցիչ չեմ, աշակերտ եմ»։

###

Յիշեցնենք, որ այս տարի 1575  հոգի դիմած է «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական ծրագրին՝ ցանկութիւն յայտնելով մեկնիլ Հայաստանի ու Արցախի այն գիւղերը, ուր ուսուցիչներու պակաս կայ եւ երեխաները զրկուած են լիարժէք կրթութենէ։

Ընտրութեան քանի մը փուլէ ետք, 123 դիմորդ հասած է Ուսուցիչներու առաջնորդութեան ակադեմիա, որ այս տարի կը կայանայ Դիլիջանի ու Ստեփանաւանի մէջ։ 8 Շաբթուան ընթացքին արագ վերապատրաստումէ ետք, սեպտեմբերին անոնք պիտի գործուղուին Հայաստանի ու Արցախի դպրոցներ՝ դասաւանդելու։ Այս տարի «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»-ն առաջին անգամ պիտի մտնէ նաեւ Սիւնիքի մարզ։

Արդէն երկրորդ տարին է՝ ծրագրի մասնակից կրնան դառնալ նաեւ գործող ուսուցիչները, որոնք պիտի շարունակեն աշխատիլ իրենց համայնքներուն մէջ, բայց՝ նոր մեթոտներով։

 

Նիւթը՝ «Մէտիամաքս»էն 

 Հեղինակ ՝Լուսինէ Ղարիպեան 

Լուսանկարը՝   Բիւրեղ Քէօշկէրեանի դիմատետրի էջէն։