image

«Աղօթքներով Ձեզ հետ ենք»․ Կաթողիկոսը շնորհաւորած է Սամուէլ Կարապետեանի 60-ամեակը

«Աղօթքներով Ձեզ հետ ենք»․ Կաթողիկոսը շնորհաւորած է Սամուէլ Կարապետեանի 60-ամեակը

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին երկրորդը շնորհաւորած է բարերար, գործարար, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի եւ Հայ գործարարներու միութեան նախագահ, ՀԵՑ-ի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանի 60-ամեակը։

«Պատկառելի այս յոբելեանը դիմաւորում էք`գտնուելով յանիրաւի ազատազրկման մէջ, ի պաշտպանութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցու դրսեւորած Ձեր արիասիրտ կեցուածքի եւ խրոխտ ոգու համար։ Ցաւօք, հնարաւորութիւն չունենք Ձեզ այցելելու եւ անձնապէս մեր բարեմաղթանքները Ձեզ փոխանցելու: Սակայն մեր հոգեւորականաց եւ հաւատաւոր ժողովրդի հետ միասին աղօթքներով Ձեզ հետ ենք։ Տարակոյս չունենք, որ ամուր էք հոգով եւ աներեր՝ Ձեզ բնորոշ հաստատակամութեան եւ սկզբունքայնութեան մէջ»,- նշուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսի շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

Վեհափառ հայրապետն ընդգծած է Կարապետեանի տարիներու աշխատանքը, որով նպաստած է Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհի մէջ տարբեր հայկական համայնքներու մէջ առկայ բազմաթիւ խնդիրներու յաղթահարման եւ զարգացման ծաւալուն ծրագրերու իրագործման։ Ան բարերարին մաղթած է կենաց արեւշատութիւն, արիութիւն ու ամրութին փորձութիւններու մէջ, ուժ ու համբերութիւն՝ Կարապետեան ընտանիքին։