image

Իմ «երազ»իս մասին պատմեցի... Դուք ալ ունի՞ք այդ երազը ...

Իմ «երազ»իս մասին պատմեցի... Դուք ալ ունի՞ք այդ երազը ...

Իմ «երազ»իս մասին պատմեցի...

Դուք ալ ունի՞ք այդ երազը ...

Այսքան «բարդ» զարգացումներէ ետք, գիտէ՞ք ինչ «կ՚երազեմ»...

Երազս այն է, որ մեր երկու Վեհափառ Հայրապետները ձեռք-ձեռքի բռնած այցելեն Հայաստանի սահմանային շէները եւ մօտէն ծանօթանան մեր երկրի սահմանային շրջաններու բնակիչներու վիճակին։

Ի վերջոյ, Հայոց Բանակի կողքին մեր սահմանները կը պաշտպանեն այդ մարդիկ, որ նոյնքան նուիրեալ, նոյնքան պատրաստակամ եւ նոյնքան հայրենասէր են, ինչքան մեր զինուորները։ 

Ըսածս «երազ» ըսելով նշեցի, որովհետեւ մեր այս օրերուն դժուարին  գործ մը կը համարուի։ 

Կան տարբեր պատճառներ, յաճախ տեղին, յաճախ «չափազանցուած» ու յաճախ ալ անտեղի, բայց այդ պատճառները կը խանգարեն, որ երկու Կաթողիկոսները քով-քովի գան ու առաջ տանին այդ մեծ գործը։

Առաքելութիւնը հոնկէ կը սկսի, մտնել ամէն հայու տուն ու խօսիլ ամէն հայու հետ։ Մտնել ամէն սահմանի վրայ եղած հայկական օճախ ու խօսիլ սահմանը «պահող» ու ապրեցնող իւրաքանչիւր հայու հետ...։

Ատ է իրական առաքելութիւնը ու այս առումով աւելի վարը իմ ըրած գրառումը այդ մասին վկայութիւն մըն է ու բոլորը պարտին օրինակ վերցնել Ռահի Պատրիարքի մօտեցումէն... մանաւանդ այս կենսական «Երազ»ի պարագային։

 Ըրածս բնովել մը չէ, պարզապէս փափաք է, պարզապէս միտք է ու այսօր առկայ բոլոր տեսակի «եղանականեր»ուն մէջ բարի ցանկութիւն մը, որուն անունը «Երազ» մկրտեցի...

 

Սագօ Արեան