Պէյրութի ամերիկեան համալսարանային հիւանդանոցի տնօրէնութիւնը (AUH) ահազանգային յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով զգուշացուցած է, որ եթէ յառաջիկայ օրերուն կարելի չըլլայ ստանալ պէտք եղած մազութի քանակները ապա հարիւրաւոր հիւանդներ կրնան մահանալ։
Մանրամասնութեանց մէջ եւ դվիթերեան իրենց էջին հանդէս գալով հիւանդանոցի տնօրէն մարմինը գրած է, որ եթէ վառելանիւթը արագօրէն չափահովուի ապա տարբեր հիւանդութիւններ ունեցող 40 հիւանդներ եւ 15 անչափահասներ կրնան արագօրէն մահանալ։
Կը նշուի նաեւ, որ այլ 180 հիւանդներ, որոնք երիկամային հարցերով հիւանդանոցային խնամք կը ստանան թթուածինի պակասին հետեւանքով կրնան թունաւորուիլ ու մահանալ։
Մինչեւ այս պահը պատկան մարմիններ չեն արձագանգած եղած յայտարարութեան եւ յստակ է, որ իրավիճակի այս հունով շարունակուելու պարագային Լիբանան կը մտնէ առողջապահական աղէտալի փուլ մը։