Պոլսոյ Պէյքոզ շրջանի Թաղային Խորհուրդը, Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ պաշտամունքի բացման 250-ամեակի սեմին հիմնական նորոգութեան կ'ենթարկէ արուարձանային այս գողտրիկ աղօթավայրը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պէյքոզի Թաղային Խորհուրդը, Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ պաշտամունքի բացման 250ամեակի սեմին հիմնական նորոգութեան կ'ենթարկէ արուարձանային այս գողտրիկ աղօթավայրը։ Ծանօթ է որ եկեղեցւոյ բացումը կատարուած է 1776ին, այսինքն յառաջիկայ տարին յոբելենական է, հետեւաբար նորոգութեան համապարփակ աշխատութիւններ կը կատարուին՝ եկեղեցւոյ պատմական դիմագծութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ։ Թաղային Խորհուրդը այս նպատակով խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցած էր ճարտարապետներու հետ, նաեւ քննարկումներ՝ մասնագիտական ընկերութիւններու հետ։
Սկզբնական աշխատանքներուն զուգահեռաբար, ամրան ամիսներուն Թաղային Խորհուրդը ստացաւ համապատասխան արտօնութիւնները։ Պատրիարքարանի կողմէ հաստատումով եկեղեցւոյ դռները առժամաբար փակուեցան, իսկ նորոգութիւնները՝ պաշտօնապէս սկսան։
Թաղականները կը նախատեսեն մէկ տարուայ ընթացքին աւարտին հասցնել նորոգութիւնները եւ եկեղեցին պաշտամունքի վերաբանալ աւելի շքեղ դիմագծութեամբ մը։ Տրուած ըլլալով որ ամրան եղանակին անձրեւներ գրեթէ չտեղացին, կարելի եղաւ վերանորոգել եկեղեցւոյ շէնքի եւ օժանդակ շինութիւններու տանիքները։ Այս աշխատանքը կը մօտենայ իր աւարտին, գործածելով լաւագոյն նիւթերը եւ մասնագիտական վարպետութիւնը, որպէսզի յառաջիկայ տարիներու ընթացքին նոր նորոգութեան կարիք չզգացուի։ Վերջացած է նաեւ եկեղեցւոյ վերին յարկի բնօրինակ փայտեայ կազմածները «ի լոյս» հանելու եւ այդ ձեւը պահպանելու աշխատանքը։
Այժմ վերանորոգութեան նախագիծը կը շարունակուի եկեղեցւոյ ներսն ու դուրսը՝ անհրաժեշտ այլ աշխատութիւններով։