Պաշտօնական Պերլինը, Փարիզը եւ Վարշաւան Մոսկուային կոչ կ'ընեն սկսելու առարկայական երկխօսութիւն Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան հարցերու շուրջ եւ նպաստելու Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի լարուածութեան թուլացման: Այդ մասին ըսուած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Ֆրանսայի ու Լեհաստանի նախագահներ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Անճէյ Տուտայի համատեղ յայտարարութեան մէջ:
Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի ղեկավարները յայտարարութեամբ աջակցութիւն յայտնած են Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան:
Ռուսաստանը աւելի քան 100 հազար զինուոր կուտակած է Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ, սակայն կը վստահեցնէ, որ մտադիր չէ յարձակելու Ուքրանիոյ վրայ: Սակայն Ռուսաստանի ռազմածովային եւ ռազմաօդային զօրավարժութիւնները երէկ շարունակուած են:
Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Փետրուար 10-20-ին զօրավարժութիւններ պիտի կատարէ երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ` պատրաստուելու ռուսական հնարաւոր յարձակման: