image

Ամերիկացի մտաւորական. «Իսրայէլ կ՚ապրի «գոյութեան տագնապ» մը»

Ամերիկացի մտաւորական. «Իսրայէլ կ՚ապրի «գոյութեան տագնապ» մը»

Ամերիկացի հրեայ մտածող եւ պատմաբան Նորմըն Ֆինքըլշթէյն կը հաւատայ, որ Իսրայէլ իր հիմնադրումէն ի վեր առաջին անգամն  ըլլալով կը բախի գոյաբանական ճգնաժամի, եւ կը մատնանշէ, որ  Նաթանիահուի  կառավարութիւնը  խափանած է Կազայի դէմ պատերազմի բոլոր քաղաքական լուծումները։

Լուրը համադրեց՝  «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին» 

Ամերիկացի հրեայ մտածող եւ պատմաբան, որ դէմ է Իսրայէլի բռնատիրական քաղաքականութեան՝ Նորմըն Ֆինքըլշթէյնը, ըսած է, որ Իսրայէլը խափանած է Կազայի հատուածի դէմ իր պատերազմի բոլոր քաղաքական լուծումները։

Փրինսթընի համալսարանի ուսանողներու հետ կայացած գիտաժողովին Ֆինքըլշթէյն ըսած է. «Առնուազն ներկայ փուլին մենք հասած ենք հակամարտութիւնը որեւէ տեսակի դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու հնարաւորութեան աւարտին», աւելցնելով, որ ««երկու պետութիւններ»ու լուծման մասին խօսակցութիւնները բացարձակ ծիծաղելի կը թուին, եւ դիւանագիտական ​​որեւէ լուծում չերեւիր հորիզոնին վրայ»։

Ան մատնանշած է, որ «Իսրայէլ վճռական է ռազմական յաղթանակ պարտադրելու հարցով եւ ետ պիտի չկանգնի այդ նպատակէն»։ Ֆինքըլշթէյն նաեւ բացատրած է. «Միւս կողմէ, «Հըզպալլա»ի գլխաւոր քարտուղարը  բացայայտ ըսած է, որ պիտի չընդունի «Համաս»-ի ռազմական պարտութիւնը, եւ որ այդ տեղի պիտի չունենայ»։

Ֆինքըլշթէյնը կը կարծէ, որ «արաբական եւ իսլամական աշխարհներու մակարդակով եզրակացութիւն եղած է, որ Իսրայէլի հետ ապրիլն անհնար է», աւելցնելով, որ արաբական եւ իսլամական աշխարհներու համաձայն՝ «Իսրայէլը յիմար է եւ պէտք է հեռանայ: Այդ իսկ պատճառով, կարճաժամկէտ հեռանկարի մէջ հորիզոնին  վրայ քաղաքական լուծում չկայ»։

Ան նշած է, որ «Իսրայէլն իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը բախի գոյութեան եւ օրինականութեան ճգնաժամի», մատնանշելով, որ «այս հարցով անոր գլխաւոր հակառակորդը Հարաւային Ափրիկէն ​​է, այն երկիրը, որ կ՚ընդդիմանայ  Իսրայէլին Արդարութեան միջազգային դատարանէն ներս։

Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն, ապա «Ամերիկեան Դեմոկրատական ​​կուսակցութիւնը կը բախի ճգնաժամի իր համակիրներու լայն զանգուածին հետ, որոնք դէմ են Իսրայէլի յանցագործութիւններուն, եւ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը այլեւս չի կրնար անտեսել այս հանգամանքը», -ըսած  է Ֆինքըլշթէյն:

Ան շարունակած է ըսելով. «Ես ցնցուած եւ ապշած էի ամերիկացի ծերակուտական Ճաք Շումըրի անցեալ շաբթուան ելոյթէն: Սենատոր Շումըրը միշտ մոլեռանդ եղած է Իսրայէլի նկատմամբ, եւ ինք էր, որ կոչ ըրաւ խեղդելու Կազան՝ տնտեսապէս»:

Ամերիկացի գրողը մատնանշած է, որ «սենատոր Շումըրը Նիւ Ճըրզիի սենատոր Մենենտեսի հետ միասին եղած են Իրանի հետ գործարքին դէմ արտայայտուողներու առաջնագիծին՝ բացատրելով, որ «ան կարծես մեր երկրին մէջ Իսրայէլի կառավարութեան պաշտօնական խօսնակը ըլլար»:

Ան համարած է, որ «Շումըրի՝ Իսրայէլի հասցէին քննադատական ​​յայտարարութիւնները սպասելիքներէն վեր էին»։

Նշենք, որ  անցնող Մարտ ամսուան կէսերուն ԱՄՆ Ծերակոյտի դեմոկրատական ​​մեծամասնութեան առաջնորդ Ճաք Շումըրը քննադատած էր Իսրայէլի  կառավարութեան ղեկավար Բենիամին Նաթանիահուն՝ ըսելով, որ ան «մոլորեցաւ իր ճանապարհին, եւ իսրայէլացիները  աւելի լաւ առաջնորդներ պիտի ընտրեն, եթէ հնարաւորութիւն տրուի»։

Սենատին մէջ իր ելոյթի ժամանակ Շումըրն ըսած է, որ Նաթանիահուն «խաղաղութեան առջեւ հիմնական խոչընդոտն է եւ յաճախ ենթարկուած է ծայրայեղականներու պահանջներուն»։

«Իսրայէլն իրաւունք ունի ընտրելու իր առաջնորդները, եւ մենք պէտք է թոյլ տանք, որ իրադարձութիւնները տեղի ունենան առանց միջամտութեան: Բայց կարեւորն այն է, որ իսրայէլացիներուն ընտրութեան հնարաւորութիւն տրուի:  7 Հոկտեմբերի դէպքէն ետք Իսրայէլի ապագայի վերաբերեալ նոր քննարկում պէտք է ըլլայ»,-ըսած է Շումըր, աւելցնելով. «Ատոր հասնելու լաւագոյն ճանապարհը, իմ կարծիքով, ընտրութիւններու երթալն է»։

Ան նշած է, որ եթէ Նաթանիահուի կառավարութիւնը պատերազմէն ետք շարունակէ իշխանութեան վրայ մնալ, ապա Միացեալ Նահանգները պէտք է աւելի արդիւնաւէտ աշխատի «համապարփակ խաղաղութեան» հասնելու համար։

Աւարտին ան կոչ ըրած է Իսրայէլին մեծ շտկումներ կատարելու «մշտական ​​խաղաղութեան» հասնելու ճանապարհին՝  Իսրայէլի կողմէ «երկու պետութիւններու» լուծման մերժումը որակելով որպէս «լուրջ սխալ»։