image

Ստեփանակերտի մէջ պետական ու ոչ պետական կառոյցներու աւելի քան 5,000 աշխատակից կ՚ապրի. ատրպէյճանցի պաշտօնեայ

Ստեփանակերտի մէջ պետական ու ոչ պետական կառոյցներու աւելի քան 5,000 աշխատակից կ՚ապրի. ատրպէյճանցի պաշտօնեայ

Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ կ՚ապրի աւելի քան 5,000 մարդ։ Այս տուեալները հրապարակած է քաղաքի Վերակառուցման, շինարարութեան եւ կառավարման ծառայութեան գործադիր տնօրէնի օգնական Համիտ Մեհտիեւը։

«Ներքին տեղահանուածներու վերադարձը դեռ չէ սկսած, սակայն այնտեղ այժմ կ՚ապրի աւելի քան 5 հազար մարդ՝ պետական եւ ոչ պետական կառոյցներու աշխատակիցներ։ Համալսարանի աշխատանքի մեկնարկով պայմանաւորուած՝ այնտեղ հաստատուած է նաեւ 1,200 ուսանող»,-ըսած է ան։