Պելառուսիան ու Ռուսիան ծրագրած են առաջին համատեղ օդանաւը արտադրել մինչեւ 2026 թուականը։ Այս մասին «Պելառուս 1»-ի եթերին ասած է Պելառուսիոյ փոխվարչապետ Փիոթր Փարխոմչիքը։
Փարխոմչիքը ընդգծած է, որ ռուս-պելառուսական համագործակցութիւնը օդանաւաշինութեան ոլորտին մէջ բաւականին արագ կը զարգանայ, գրած է belarus.kp.ru-ն։
Ան նշած է, որ Պելառուսիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած է 19 տեղանոց օդանաւ ստեղծելու պայմանագիր։ Պաշտօնեան պարզաբանած է, որ այս օդանաւի համատեղ ստեղծումը ներկայիս մշակման փուլի մէջ է։
«Առաջին երկու օդանաւները պէտք է արտադրենք մինչեւ 2026 թուականը»,- մեկնաբանած է փոխվարչապետը։