Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեանը Մարգարայի անցակէտին մէջ հիւրընկալած է Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպանները։ Կոմիտէի նախագահը եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպանները շրջայց կատարած են Մարգարայի անցակէտի տարածքին մէջ: Այս մասին յայտնած են Պետական եկամուտներու կոմիտէէն։
Շրջայցի ընթացքին ներկայացուած են անցակէտի ենթակառուցուածքներու արդիականացումը, ինչպէս նաեւ սահմանային հսկողութիւն իրականացնելու առանձնայատկութիւնները։ Հիւրերը շրջած են Մարգարայի անցակէտի սպասարկման սրահին մէջ, ծանօթացած են կառուցուած խոր զննման անգարին, բեռերու ձեւակերպման համար նախատեսուած տաղաւարներուն, պահեստին, մեքենաներու կայանատեղիներուն եւ բարեկարգուած հրապարակին, ինչպէս նաեւ այլ ենթակառուցուածքներուն, որոնք յագեցած են ժամանակակից սարքաւորումներով եւ կառուցուած միջազգային չափանիշերուն համահունչ:
Մարգարայի մաքսակէտին մէջ, ինչպէս Հայաստանի միւս անցակէտերուն մէջ, պետական սահմանային հսկողութիւնը կը նախատեսուի իրականացնել սահմանային համալիր կառավարման սկզբունքի հիման վրայ՝ «մէկ պատուհան» համակարգով։
Միաժամանակ, այցի ընթացքին ներկայացուած են մաքսային բարեփոխումներու հիմնական ուղղութիւնները, այդ շարքին՝ առեւտուրի դիւրացումը, թուայնացումը եւ ենթակառուցուածքներու արդիականացումը, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութեան շրջածիրէն ներս իրականացուող ծրագրերն ու արձանագրուած ձեռքբերումները: Եւրոպական Միութեան դեսպանները, կարեւորելով Եւրոպական Միութիւն-Պետական եկամուտներու կոմիտէ համագործակցութիւնը եւ ներդրուած համատեղ ջանքերը, գոհունակութիւն յայտնած են անցակէտի մէջ կատարուած աշխատանքներու համար։