image

Պայտընն ու Զելենսքին 10 տարի ժամկէտով անվտանգութեան համաձայնագիր ստորագրած են

Պայտընն ու Զելենսքին 10 տարի ժամկէտով անվտանգութեան համաձայնագիր ստորագրած են

Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ նախագահներն Իտալիոյ մէջ G7-ի հանդիպման շրջածիրէն ներս 10 տարի ժամկէտով անվտանգութեան համաձայնագիր ստորագրած են: Նշուած է, որ փաստաթուղթը նաեւ աջակցութիւն է ՆԱԹՕ-ին Ուքրանիոյ հնարաւոր անդամակցութեան ճանապարհին:

Ըստ համաձայնագրի՝ Ուքրանիոյ դէմ զինուած յարձակման կամ նման սպառնալիքի պարագային ԱՄՆ-ի եւ Ուքրանիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաները պիտի հանդիպին 24 ժամուան ընթացքին՝ քննարկելու պատասխան քայլերը եւ պարզելու՝ պաշտպանութեան ինչ կարիքներ ունի Քիեւը:

Միացեալ Նահանգները վերահաստատած է աջակցութիւնը Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան՝ հաշուի առնելով արեւելեան ճակատի վրայ ռուսական գործողութիւնները:

Ուաշինկթըն մտադիր է երկարաժամկէտ նիւթական, ուսումնական, խորհրդատուական, հետախուզական, անվտանգութեան, պաշտպանական-արդիւնաբերական եւ այլ աջակցութիւն տրամադրել Ուքրանիոյ:

Միեւնոյն ժամանակ, համաձայնագիրը չի նախատեսեր ամերիկեան զօրքերու տեղակայում Ուքրանիոյ տարածքին մէջ: Նաեւ Ուաշինկթընը կը շարունակէ պնդել, որ ուքրանական ուժերը ամերիկեան զէնքով կրնան խոցել միայն Ռուսիոյ սահմանամերձ տարածքներու մէջ գտնուող ռազմական թիրախները:

Ստորագրման արարողութենէն ետք Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի կեդրոնանայ հակաօդային պաշտպանութեան ոլորտի մէջ Քիեւի կարողութիւններու ամրապնդման ուղութեամբ, եւ որ նման աջակցութիւն ակնկալող միւս երկրները պէտք է սպասեն: «Այս պահուն հինգ երկիր պարտաւորուած է Patriot եւ ՀՕՊ այլ համակարգեր տրամադրել Քիեւին»,- աւելցուցած է Պայտըն։