ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ համոզուած է` Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը որոշած է ներխուժել Ուքրանիա, իսկ յարձակումը կրնայ տեղի ունենալ «մօտ օրերս»: Պայտըն ըսած է, որ գնահատականը հիմնուած է ԱՄՆ հետախուզութեան վրայ, ըստ որուն` թիրախին պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւը:
Ռուսաստանը քանիցս հերքած է լուրերը, թէպէտ նախօրէին Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութիւններէն հազարաւոր մարդոց տարհանում սկսած է: Արեւմտեան երկիրները կը մեղադրեն Ռուսաստանը Ուքրանիոյ անջատողական արեւելեան շրջաններուն մէջ կեղծ ճգնաժամ հրահրելու մէջ` յարձակողական գործողութիւններ սկսելու հիմք ստեղծելու համար: ԱՄՆ-ի գնահատմամբ` 169.000-190.000 ռուս անձնակազմ կուտակուած է Ուքրանիոյ եւ մերձակայ տարածքներուն մէջ:
Սպիտակ տունէն կատարուած հեռուստաուղերձին մէջ ԱՄՆ նախագահ Պայտըն ըսած է, որ ԱՄՆ «պատճառ ունի հաւատալու», որ ռուսական ուժերը «կը ծրագրեն եւ մտադիր են յարձակելու Ուքրանիոյ վրայ գալիք շաբթուայ ընթացքին` յառաջիկայ օրերուն: Այս պահի դրութեամբ ես համոզուած եմ, որ ան [Փութինը] որոշում կայացուցած է»: Սակայն, ԱՄՆ-ի նախագահին խօսքերով, Ռուսաստանը «դեռ կրնայ ընտրել դիւանագիտութիւնը», եւ որ «դեռ ուշ չէ լարուածութեան թուլացման եւ բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու համար»: