ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն զգալի դիւանագիտական զիջում կատարած է Ռուսաստանին՝ յայտարարելով հանդիպման մը նախապատրաստման մասին, որու ծիրին մէջ պիտի քննարկուին ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման վերաբերեալ Ռուսաստանի մտահոգութիւնները, կը գրէ բրիտանական Financial Times թերթը։
Մոսկուան, ինչպէս կը նշուի յօդուածին մէջ, կը փափաքի, որ ՆԱԹՕ-ն պարտաւորուի հրաժարիլ դէպի արեւելք ընդլայնումէն եւ զերծ մնայ Ռուսաստանին սահմանակից երկիրներու մէջ զօրախումբերու տեղակայումէն, որոնք կրնան օգտագործուիլ իր վրայ յարձակելու համար:
«Սակայն Արեւելեան Եւրոպայի մէջ Մոսկուայի հետ հաւանական «փոխզիջում» փնտռելու Պայտընի յիշատակումը կը վախցնէ ՆԱԹՕ-ի՝ արեւելեան Եւրոպայի շատ անդամներու եւ ԱՄՆ դաշնակիցներու, որոնք կը վախնան, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի օգտագործէ ռազմական ուժի սպառնալիքը՝ Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ ռազմական ներկայութեան վերաբերեալ զիջումներ ստանալու համար», կը գրէ թերթը։
«Բարձր մակարդակի հանդիպման» ամսաթիւը պիտի յայտարարուի աշխատանքային շաբթուայ աւարտին մօտ, աւելի վաղ յայտնած էր Սպիտակ տան ղեկավարը։ Բացի Ռուսաստանէն ու ԱՄՆ-էն, գագաթաժողովին պիտի մասնակցին Ուաշինկթընի առնուազն չորս «առանցքային դաշնակիցներ»։ Պայտըն չէ մանրամասնած, թէ որ պետութիւններու մասին է խօսքը։
Հանդիպման ընթացքին, յաւելած է Պայտընը, պիտի քննարկուին ապագայ մտահոգութիւնները, որոնք ռուսական կողմը կը նշէ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդլայնման հետ կապուած։