image

Պայտըն ԱՄԷ-ի նախագահի հետ քննարկած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակը

Պայտըն ԱՄԷ-ի նախագահի հետ քննարկած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ ընդունած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մուհամետ պըն Զայէտ Ալ-Նահեանը: Հանդիպման օրակարգը եղած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակը, Իսրայէլ-Լիբանան լարուածութիւնը թուլացնելու ուղիները եւ Կազայի մէջ հրադադար հաստատելու հնարաւորութիւնը։ 

Շէյխ Մուհամետ պըն Զայէտ Ալ-Նահեանը յայտարարած է՝ իր երկիրն «անդրդուելի յանձնառութիւն ունի»՝ աշխատելու Միացեալ Նահանգներու հետ եւ խորացնելու դաշնակիցներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը:

 Պայտընն ալ նշած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու խոշորագոյն գործընկերը պաշտպանական ոլորտի մէջ՝ այդ տեղը բաժնեկցելով միայն Հնդկաստանի հետ: