Յունիս 13-ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանի նախագահ Ապտալլա Շահիտի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ձեռնարկած «քայլերը»:
Պայրամովի խօսքով, Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ «ջանքերը» բոլոր կարեւոր ոլորտներուն մէջ` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման համար, ներառեալ ապագայ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը, սահմանազատումը, բոլոր հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը եւ այլ հարցեր: