Թուրքիոյ ոչ-պետական վարժարաններու ընկերակցութեան կողմէ պատուոյ գիր շնորհուած է Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին, որ 240-ամեայ անցեալ մը ունի Պոլսոյ համայնքային կեանքէն ներս։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Թուրքիոյ ոչ-պետական վարժարաններու ընկերակցութեան կողմէ պատուոյ գիր շնորհուեցաւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին, որ 240-ամեայ անցեալ մը ունի համայնքային մեր կեանքէն ներս։
Ընկերակցութեան վարչութեան անունով տրուած պատուոյ գիրին մէջ դիտել կը տրուի որ Թարգմանչաց վարժարանը 240 տարի շարունակ մեծ աւանդ բերած է ազգային կրթութեան ոլորտէն ներս, չխախտելով «մասնաւոր վարժարաններու սկզբունքները», նաեւ ապահովելով որ նորահաս սերունդը դաստիարակուի Աթաթիւրքեան գաղափարներով։
«Կը շնորհաւորենք ձեզ եւ կը մաղթենք յաջող աշխատութիւններ։ Թուրքիոյ մասնաւոր վարժարաններու ընկերակցութեան անդամակցութիւնը ամրապնդած է միասնութիւնն ու համերաշխութիւնը», կ'ըսուի պատուոյ գիրին մէջ։
Նկարին մէջ կեդրոնը՝ Արեւ Թեքելիքեան նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի փոխտնօրէնուհի։