image
Հրատապ լուրեր:

«Պատրաստ ենք նեցուկ կանգնիլ Հայաստանին».ՀԱՊԿ-ի հերթական եւ կասկածելի լոզունքը

«Պատրաստ ենք նեցուկ կանգնիլ Հայաստանին».ՀԱՊԿ-ի հերթական եւ կասկածելի լոզունքը

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրները, անհրաժեշտութեան պարագային, պատրաստ կ'ըլլան Հայաստանի «թիկունքին կանգնելու»։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին այսօր մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Անատոլի Սիտորովը՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք իր տարածքին ՀԱՊԿ զօրավարժութիւններ չկայացնելու մասին Հայաստանի որոշումը կ'ազդէ կազմակերպութեան աշխատանքի վրայ։ 

«Եթէ իրավիճակը յանկարծ պահանջէ կովկասեան տարածաշրջանի մէջ հաւաքական անվտանգութեան համակարգի ուժերու եւ միջոցներու ներգրաւում... կայ փորձ, որոշակի ծրագրեր նոյնպէս մշակուած են, եւ ես կը կարծեմ, որ ՀԱՊԿ անդամ երկիրները պատրաստ պիտի ըլլան կովկասեան տարածաշրջանին մէջ իրենց դաշնակցի թիկունքին կանգնելու», - Սիտորովի խօսքերը մէջբերած է ТАСС գործակալութիւնը: