image

Պատրաստ եղէք յաջորդ համավարակին. Կութէրէշ կը զգուշացնէ

Պատրաստ եղէք  յաջորդ համավարակին. Կութէրէշ կը զգուշացնէ

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ժամանակ կոչ ըրած է պատրաստուելու յաջորդ համավարակին:

«Մենք պէտք է պատրաստուինք յաջորդ համավարակին՝ ներդրում ընելով իւրաքանչիւր երկրի մէջ վերահսկման, աւելի վաղ յայտնաբերման եւ արագ արձագանգման հարցով ծրագրերու մէջ, ինչպէս նաև ամրապնդելով Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հեղինակութիւնը», ըսած է Կութերեշ:

Ան նաեւ կոչ ըրած է պայքարելու «Քովիտ»ի ներկայիս համավարակի դէմ արդար եւ հաւասար պայմաններու մէջ:

Կութերեշ յիշեցուցած է, որ ԱՀԿ-ն աւելի վաղ ռազմավարութիւն ներկայացուցած էր, որուն համաձայն՝ կը նախատեսուէր մինչեւ 2021-ի վերջը պատուաստել Երկրի բնակչութեան 40 տոկոսը եւ 70 տոկոսը այս տարուան վերջը: