image

Պատմական այց է․ Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահը՝ Վահագն Խաչատուրեանին

Պատմական այց է․ Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահը՝ Վահագն Խաչատուրեանին

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն Իրաքի Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցի շրջածիրէն ներս Իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրաքեան Քիւրտիստանի պատուաւոր նախագահ Մասուտ Պարզանիի հետ։

Ողջունելով Հանրապետութեան նախագահի այցն Իրաքի Հանրապետութիւն եւ Իրաքեան Քիւրտիստան Պատուաւոր նախագահն այցը պատմական գնահատած է եւ շեշտած, որ այն դրական խթան կը հանդիսանայ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման եւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին։

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ընդգծած է ժողովուրդներու միջեւ պատմամշակութային բազմաշերտ առնչակցութիւններու կարեւորութիւնը, որ ամուր հիմք է շարունակական համագործակցութեան խորացման համար։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ քայլերու խթանման հնարաւորութիւններուն։

Միտքեր փոխանակուած են առկայ փոխշահաւէտ համագործակցային ներուժի կեանքի կոչման հեռանկարներու եւ յստակ գործողութիւններու վերաբերեալ։

Զրուցակիցներն անդրադարձած են տարածաշրջանային եւ համաշխարհային շարք մը հիմնախնդիրներու եւ վերջիններուս կարգաւորման ուղիներու վերաբերեալ առկայ հարցերուն։ Այս ծիրէն ներս երկուստեք ընդգծուած է հակամարտութիւններն ու խնդիրները բացառապէս խաղաղ, բանակցային ճանապարհով եւ միջազգային իրաւունքի եւ հիմնարար սկզբունքներու պահպանութեամբ լուծելու հրամայականը։