Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի Պալիի մէջ G20-ի գագաթնաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած իր տեսաուղերձին միջոցաւ կոչ ըրած է վերջ տալու Ռուսիոյ աւերիչ պատերազմին։ Այս մասին յայտնած է AFP գործակալութիւնը:
«Ես համոզուած եմ, որ հիմա այն ժամանակն է, երբ Ռուսիոյ աւերիչ պատերազմը պէտք է եւ կարելի է դադրեցնել»։
Ելոյթ ունենալով գագաթնաժողովին՝ Զելենսքին ըսած է, որ Մինսք-3 (նկատի ունի Մինսքեան պայմանաւորուածութիւնները-Խմբ.) պիտի չըլլայ։
«Մենք թոյլ չենք տար Ռուսիոյ սպասելու եւ հզօրանելու իր ուժերը»,-ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը։
Անդրադառնալով Ուքրանիոյ Զապորոժիէ աթոմակայանին մէջ շարունակուող մարտերուն՝ Զելենսքին ըսած է, որ ոչ ոք իրաւունք ունի աշխարհին սպառնալ միջուկային աղէտով, եւ որ Ռուսիան աթոմակայանը վերածած է «ռատիոակտիւ ռումբի, որ կրնայ որեւէ պահու պայթիլ»։