6 սեպտեմբերին, պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է ճեպազրոյց Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ ռազմական կցորդներու եւ ներկայացուցիչներու հետ։ Այդ մասին յայտնած են Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութենէն։
ՊՆ պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան ռազմական կցորդներուն ներկայացուցած է վերջին օրերու ընթացքին հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած անմիջական իրավիճակը։
«Նշուել է, որ ՀՀ զինուած ուժերն իրենց պարտականութիւնների շրջանակներում ձեռնարկում են բոլոր անհրաժեշտ քայլերը` իրավիճակի հետագայ սրացում թոյլ չտալու համար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։