Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, անդրադառնալով սահմանագծումն Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ ընելու վերաբերեալ նախկին դիւանագէտներու քննադատութեան, յայտարարած է․ «Այդ մարդիկ շարունակում են ականահարել ՀՀ ինքնիշխանութիւնը, պետականութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը»։
«Ձեր նշած փորձառու դիւանագէտները հաւանաբար այն դասալիքներն էին, որ լքեցին իրենց պաշտօնները, իրենց բաժին հասած խրամատը այն օրերին, երբ ՀՀ սուվերէն տարածքի վրայ տեղի էր ունենում ռազմական ագրեսիա։ Այս փաստի յիշատակումից յետոյ այդ մարդկանց եւ իրենց դիրքորոշումների նկատմամբ որեւէ կաթիլ լրջութիւն չեմ կարող ունենալ։ Սա ամենամեղմ գնահատականն է, որ ես ինձ կարող եմ թոյլ տալ հնչեցնել, բայց իրականութիւնն աւելի վատ է։
Ականահարելով Ալմա-Աթայի հռչակագիրը եւ դրա հիման վրայ խաղաղութեան գործընթացը՝ այդ մարդիկ շարունակում են, վստահ չեմ կարող պնդել՝ գիտակցաբար, թէ ակամայ, ականահարել ՀՀ ինքնիշխանութիւնը, պետականութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը։ Լաւագոյն մեկնաբանութեամբ՝ չգիտակցելով, վատագոյն մեկնաբանութեամբ՝ այլ երկրի ուղղակի թելադրանքով»,- մայիս 13-ին ԱԳՆ-ի մէջ ԵԱՀԿ գործող նախագահի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Միրզոյեանը։
Նախկին դիւանագէտներէն կազմուած «Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդ»ը մայիս 12-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ հրաւիրուած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման հանրահաւաքին յայտարարած է, որ սահմանագծման համար բացառապէս Ալմա-Աթայի հռչակագիրը որպէս հիմք ընդունիլը հակաիրաւական է եւ քրէօրէն պատժելի։ Խորհուրդի անդամ, Հայաստանի ԱԳՆ նախկին գլխաւոր քարտուղար Վահագն Մելիքեանը հանրահաւաքին ներկայացուցած է նախկին դիւանագէտներու մշակած գրութիւնը՝ սահմանազատման, խաղաղութեան օրակարգի եւ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու վերաբերեալ։