Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ըսած է, որ «Պաքուն պատրաստ է Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու Ռուսիոյ տարածքին մէջ»:
«Փաստ է, որ արեւմտեան գործընկերները կ՚ուզեն, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի միայն իրենց տարածքին մէջ: Փաստ է նաեւ, որ Ատրպէյճանը պատրաստ է այն ստորագրելու Ռուսիոյ մէջ, ուր, ըստ էութեան, սկսած են գործադրուիլ ջանքեր հակամարտութեան վերջ դնելու եւ բոլոր հարցերը լուծելու համար: Թէ որքանով ատոր պատրաստ է Երեւանը, մեզի յայտնի չէ, թէեւ համապատասխան ազդակներ Երեւան վաղուց ուղարկուած են»,- ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ հանդէս գալով մամուլի ասուլիսին: