Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆ-ի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ համատեղ յայտարարութեան ստորագրումը հաստատեց Պաքուի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին։ Այս մասին NE Global-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպէքով։
«Փաստաթուղթին մէջ պարունակուող դրոյթը, որ կը վերաբերի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրման, կը ճանչնայ այս համաձայնագրի ստորագրութեան եւ վաւերացման յաջորդ քայլերու անհրաժեշտութիւնը։ Այլ խօսքով՝ որպէսզի այդ կարելի դառնայ, Պաքուն կ՚ակնկալէ, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարուին՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ տակաւին գոյութիւն ունեցող տարածքային պահանջները վերացնելու համար»,– նշած է ան։