image

Պաքուի եւ Երեւանի մասնակցութեամբ բարձր մակարդակի հանդիպում՝ Օգոստոսի վերջ

Պաքուի եւ Երեւանի մասնակցութեամբ բարձր մակարդակի հանդիպում՝ Օգոստոսի վերջ

Մոսկուան, Երեւանը եւ Պաքուն կ'աշխատին մինչեւ օգոստոսի վերջ բարձր մակարդակի եռակողմ հանդիպման ուղղութեամբ: Այս մասին ըսած է ՌԴ ԱԳՆ տեղեկատւութեան եւ մամուլի բաժանմունքի փոխտնօրէն Իւան Նեչաեւը՝ պատասխանելով NEWS.ru-ի հարցին։ Անոր խօսքով՝ հանդիպման մանրամասները պիտի յայտարարուին աւելի ուշ։

«Ծրագրերը կը ներառեն մինչեւ օգոստոսի վերջ բարձր մակարդակի եռակողմ շփումներու կազմակերպում հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման տարբեր ուղիներով։ Աւելի մանրամասն տեղեկատւութիւն պիտի տրամադրենք աւելի ուշ»,- ըսած է Նեչաեւ։

Աւելի վաղ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կրնան հանդիպիլ Պրիւքսէլի մէջ։ Հանդիպման ստոյգ օրը դեռ չի հաղորդուիր։ Միեւնոյն ժամանակ եւրոպացի պաշտօնեան նշած է, որ ԵՄ-ն հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ գործընթացին։