«Խաղաղութեան կամուրջ» Նախաձեռնութեան ծիրէն ներս 21-22- նոյեմբեր, 2025-ին Ատրպէյճան այցելած է Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու խումբ։
Անվտանգային քաղաքականութեան հետազօտական կեդրոնի դիմատետրեան էջին ըսուած է, որ Հայաստանէն Նախաձեռնութեան ներկայացուցիչներ՝ Արեգ Քոչինեանը, Բորիս Նաւասարդեանը, Նաիրա Սուլթանեանը, Նարեկ Մինասեանը եւ Սամուէլ Մելիքսեթեանը հանդիպած են Ատրպէյճանէն գործընկերներ՝ Ֆարհատ Մամետովի, Ռուսիֆ Հուսէյնովի, Քեամալա Մամետովայի, Ռամիլ Իսքանտերլիի եւ Ֆուատ Ապտուլլաեւի հետ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացի շարժունութիւնը, քաղաքացիական հասարակութեան դերը երկխօսութեան խթանման գործին մէջ եւ համատեղ նախագիծերու իրականացման հեռանկարները։ Անդրադարձ եղած է նաեւ խաղաղութեան գործընթացի վերաբերեալ այն թեմաներուն, որոնք կը յուզեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հասարակութիւնները։
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է մետիա ոլորտին մէջ համատեղ աշխատանքի աշխուժացման, փորձագիտական խումբերու միջեւ ուղիղ կապերու հաստատման եւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ քաղաքացիական հասարակութիւններու շարունակական ներգրաւուածութեան վերաբերեալ։
Կողմերը համաձայնած են շարունակել աշխատանքային շփումները եւ «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս ծրագրել հետագայ այցերը Հայաստան եւ Ատրպէյճան։
Այցի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է Նախաձեռնութեան անդամներուն հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ուաշինկթընեան հանդիպումէն յետոյ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուած քայլերը խաղաղութեան օրակարգի ամրապնդման ուղղութեամբ։ Հիքմեթ Հաճիեւ պատասխանած է Նախաձեռնութեան ներկայացուցիչներու հարցերուն։