image

Պահանջատէր Եւ Գաղափարական Երիտասարդութիւն

Պահանջատէր Եւ Գաղափարական Երիտասարդութիւն

Լիբանանի ապրած ընկերային-տնտեսական ու քաղաքական ճգնաժամը եւ ընդհանրապէս մարտահրաւէրներու եւ դժուարութեանց բազմացումը, բնականաբար երիտասարդութիւնը դրած են անորոշութեան, յուսաբեկման եւ հիասթափութեան յորձանուտին դէմ յանդիման:

Այսպիսի խառնաշփոթ կացութիւններու պարագային, միշտ ալ հիմնական տուժողը եւ վնասուողը հաւաքականութեան մը երիտասարդութիւնն է: Այս կացութեան մէջ արժեհամակարգեր դատապարտուած են փուլ գալու, ընկերաբարոյական հասկացողութիւններ` խեղաթիւրուելու, մարդկային եւ տարրական կենցաղային սկզբունքներ` ոտնակոխ դառնալու, եւ վերջապէս` գաղափարական ըմբռնումներ` ընդհուպ ոչնչացման վտանգին դիմաց գտնուելու:

Իբրեւ թէ երիտասարդութեան համար եւ միաժամանակ նորահաս սերունդին անունով աժան հռետորաբանութիւններ անշուշտ կ՛ողողեն հրապարակը, եւ հայրենիքի, ազգի եւ անոր տենչերուն ու իտէալներուն համար մաքառումին կը փորձուի տալ իմաստազուրկ հասկացողութիւն, եւ վերջապէս` անդիմագիծ, անողնահար եւ պատեհապաշտ երիտասարդութեան մը կազմաւորումը մեծապետական ու միջազգային նպատակներու իրագործման համար կը դառնայ միջոց, եւ այս մթնոլորտը իր ստեղծած ամբոխային տրամաբանութեամբ հրապարակը կ՛ողողէ խեղաթիւրումներով ու այլասերման ամէն տեսակի փորձութիւններով:

Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը անմասն չէ այս ընդհանուր մթնոլորտէն, եւ աւելի՛ն` հայութեան ու Հայաստանի ապրած անցնող քանի մը տարիներու դիպապաշարը` հայրենազրկումը, հողերու յանձնումը, հայրենի մատղաշ սերունդի մը ոչնչացումը, պարտութենէ պարտութիւն թաւալգլոր ընթացող հայութեան երթը, եւ վերջապէս` հայրենի ներկայ վարչախումբի կործանարար վարքագիծը եւ սփիւռքի նկատմամբ որդեգրած ազգավնաս ընթացքը կու գան իրենց ժխտական ազդեցութեան ոլորտները արմատացնելու երիտասարդութեան մօտ:

Այս բոլորով հանդերձ սակայն, երիտասարդութեան ընտրեալ հատուած մը կը շարունակէ ամրօրէն կառչած մնալ իր համահայկական իղձերուն, տեսլականներուն եւ անբիծ առաքելութեան: Այդ երիտասարդութիւնը այս թոհուբոհին մէջ կը փորձէ մնալ իր ազգի հարազատ տենչերու թարգմանը` վառ պահելով պահանջատիրական ոգին ու կեցուածքը: Այս զանգուածին համար ժամանակները եւ պարտադրուած պայմանները չեն յաջողիր իրենց երթն ու գաղափարական ակունքներէ սնուող դաստիարակչական ուղղութիւնները կասեցնել եւ անոնց ընթացքը շեղեցնել:

Այո՛, այս ժամանակներուն մէջ ահաւասիկ այդ ընտրանիէն խումբ մը, առօրեայ ժխորէն ամբողջականօրէն կտրուած, հինգ օրեր կը համախմբուի Այնճար հայաւանին մէջ եւ պայքարի վերանորոգ վճռականութեամբ կը կատարէ իր նոր ուխտը` «Ե՛ս եմ, իմ անունս է պայքար եւ վախճանս` յաղթանակ» յանձնառութեամբ:

Դասախօսութիւններու, վարժանքներու եւ ընկերային ջերմ միջավայրի մէջ ԼԵՄ-ական տղաքն ու աղջիկները հայ կեանքի ապրած այս ընդհանուր իրադարձութեանց լոյսին տակ կարծիքներու եւ տեսակէտներու բիւրեղացումով նոր ժամանակներու մարտահրաւէրներու դիմաց իրենց դիմադրականութիւնը ամրացնելու եւ աննահանջ պայքարի ոգին անխախտ պահելու հաւաքական մտածողութեան նոր հարթակ մը կը ստեղծեն:

Լիբանանահայութեան համար ՀՅԴ երիտասարդական միութեան դերակատարութիւնը վաղուց յստակ է, եւ ան լաւապէս իրազեկ է, թէ ԼԵՄ-ը ինչպիսի՛ ձեւով իր գլխատառ ներկան արձանագրած է հայ ժողովուրդի ապրած բոլոր ճակատագրորոշ փուլերուն ընթացքին: Այսօր պարագան նոյնն է: ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը վախճանական յաղթանակի տանող ճանապարհէն  բացի ուրիշ ուղղութիւն չի տեսներ եւ իր երթը կը շարունակէ գաղափարական շունչով ու յեղափոխական անխորտակ կամքով:

Մեզի կը մնայ դառնալ նեցուկ ու քաջալեր անոր գործին, ինչպէս նաեւ հետամուտ ըլլալ, որ անոր շարքերը մնայուն կերպով թարմանան, ու այդ գաղափարական մթնոլորտին մէջ աւելի մեծ թիւով երիատասարդներ ստանան իրենց փորձառութիւնը` ի խնդիր մեր ժողովուրդի հաւաքական տենչերու իրականացման եւ գոյերթի երաշխաւորման:

 

Յակոբ Հաւաթեան

«Ազդակ»