Այս իմաստով, ներկայ պատերազմական մթնոլորտը կը բացայայտէ նաեւ ուրիշ իրականութիւն մը․ Մերձաւոր Արեւելքի քարտէսը միայն պետութիւններու սահմաններով չէ որոշուած, այլ նաեւ ազդեցութեան գօտիներով, տնտեսական ուղիներով եւ ռազմավարական դաշինքներով։։ Երբ այս բոլոր գործօնները միաժամանակ կը շարժին, ամբողջ շրջանը կը մտնէ երկարատեւ անորոշութեան շրջան մը։
Ներկայ զարգացումները կարելի չէ դիտել որպէս առանձին ճգնաժամեր։ Անոնք մէկ մեծ գործընթացի մասն են, ուր տարածաշրջանը կը վերաձեւուի՝ ուժերու նոր դասաւորումով, նոր մրցակցութիւններով եւ երբեմն նաեւ նոր հակամարտութիւններով։ Իսկ այս փոփոխութիւններուն իրական գինը, ինչպէս պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, ամենաշատը կը վճարեն այդ հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդները։
Հետեւաբար հիմնական հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ով պիտի շահի այս «բախում»ը։ Իրական հարցը այն է, թէ արդեօք Մերձաւոր Արեւելքը պիտի կարենա՞յ դուրս գալ այս շրջափակումէն՝ նոր հաւասարակշռութիւն ստեղծելով, թէ՞ տարածաշրջանը պիտի մտնէ երկարատեւ մրցակցութիւններու եւ անկայունութեան դարաշրջան մը, ուր խաղաղութիւնը կը դառնայ հազուագիւտ եւ խոցելի երեւոյթ։
Նորընտիր Այաթոլլայի ուղերձը. Մեծ հարցականներու տարափի աղբիւր
Իրանի դէմ սանձազերծուած Ամերիկ-Իսրայէլեան երկորդ շաբթուայ աւարտին (ճիշդ հաշուարկով 13-օրուայ) Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Այաթոլլա Մոժթապա Խամէնիի հանրային կերպով չերեւիլը եւ անոր առողջական վիճակին շուրջ շրջանառուող հակասական լուրերը արդէն կը բանան լուրջ կասկածներու դուռը։ Բրիտանական The Sun պարբերականը գրած է, թէ հնարաւոր է, որ Իրանի նոր հոգեւոր առաջնորդը կը գտնուի մահաքունի մէջ՝ վերջերս տեղի ունեցած օդային հարուածներուն հետեւանքով։ Ըստ այդ տեղեկութեան՝ ան կորսնցուցած է մէկ ոտքը եւ ծանր վնասուածքներ ունի ստամոքսի ու լեարդի հատուածին։ Սակայն այս տեղեկութիւնը մինչեւ հիմա ոչ հաստատուած է, ոչ ալ պաշտօնապէս հերքուած։Այս լուրերուն զուգահեռ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նոր առաջնորդը հրապարակեց իր առաջին ուղերձը, ուղղուած իրանցի ժողովուրդին, զինուած ուժերուն, «դիմադրութեան առանցք»ին եւ շրջանի պետութիւններուն։Ուղերձին սկզբը ան ցաւակցեցաւ իր հօր՝ Ալի Խամենէիի մահուան առիթով եւ նշեց, թէ իրեն համար ծանր է նստիլ այն աթոռին, ուր նստած էին Ռուհոլլահ Խոմէյնին եւ իր հայրը։ Միեւնոյն ժամանակ ան շեշտեց, որ Իրանի ուժին հիմնական աղբիւրը ժողովուրդի մասնակցութիւնն ու միասնականութիւնն է։
Խամենէի կոչ ուղղեց իրանցիներուն՝ վստահիլ Աստուծոյ, պահպանել ազգային միասնութիւնը, շարունակել իրենց ներկայութիւնը հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ եւ օգնել պատերազմի հետեւանքով տուժած քաղաքացիներուն։

Իրանի զինուած ուժերուն ուղղուած բաժնին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց բանակին եւ ընդգծեց, որ պէտք է շարունակուի Հորմուզի նեղուցի փակումը, միաժամանակ նշելով, որ Իրանը կրնայ նաեւ այլ ռազմաճակատներ բանալ, եթէ պատերազմը շարունակուի։
Նոր առաջնորդը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «դիմադրութեան առանցք»ի ուժերուն, մասնաւորաբար Լիբանանի «Հեզպուլլահ»ին, Եմէնի ուժերուն եւ Իրաքի դիմադրութեան խմբաւորումներուն, որոնք ըստ իրեն աջակցած են Իրանի եւ Կազայի պայքարին։
Ուղերձին մէջ ան նաեւ շեշտեց, որ Իրանը պիտի լուծէ նահատակներու արեան վրէժը, ու թէեւ այդ գործընթացը արդէն սկսած է, բայց դեռ ամբողջութեամբ չէ աւարտած։Շրջանի որոշ պետութիւններուն ուղղուած խօսքին մէջ ան զգուշացուց, որ եթէ իրենց տարածքին գտնուող ամերիկեան կամ այլ օտար ռազմակայանները օգտագործուին Իրանի դէմ, Իրանը պիտի շարունակէ թիրախաւորել այդ ռազմակայանները։
Ընդհանուր առմամբ, այս առաջին ուղերձը ցոյց կու տայ, որ նոր առաջնորդը կը փորձէ շարունակել իր հօր քաղաքական ու ռազմավարական ուղղութիւնը՝ պահպանելով կոշտ դիրքորոշում Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու դէմ , շարունակելով աջակցութիւնը «դիմադրութեան առանցք»ին եւ օգտագործելով Հորմուզի նեղուցի հարցը որպէս ճնշման կարեւոր գործիք։Սակայն եթէ ճիշդ ըլլան այն տեղեկութիւնները, թէ Այաթոլլան կը գտնուի ծանրագոյն առողջական վիճակի մէջ, ապա այդ մէկը կրնայ ազդել Իրանի ներքին իրավիճակին վրայ։ Իրանի քաղաքական համակարգը մեծ չափով հիմնուած է գերագոյն առաջնորդի հեղինակութեան եւ ուղղակի ազդեցութեան վրայ, եւ անոր երկարատեւ բացակայութիւնը կամ անկարողութիւնը կրնայ ստեղծել անորոշութիւն իշխանական շրջանակներու մէջ, ուժեղացնելով ներքին մրցակցութիւնը եւ որոշ չափով խախտելով քաղաքական հաւասարակշռութիւնը։
Այս պատճառով ալ Այաթոլլայի իրական վիճակը կը դառնայ ոչ միայն անձնական առողջութեան հարց, այլ նաեւ Իրանի ներքին կայունութեան եւ ամբողջ շրջանի քաղաքական զարգացումներուն համար կարեւոր գործօն։
Պատերազմի բուն «միջուկ»ը՝ Արաբական Ծոցի «խաղաղ ջուրեր»ն են
Իրանի մէջ ստեղծուած իրադրութեան առընթեր շատ կարեւոր է անդրադառնալ Արաբական Ծոցի երկիրներու ընդհանուր իրավիճակին։
Ազդեցիկութեան տեսակէտէ, այսօր արդէն գաղտնիք չէ, որ Իրանի որոշումը՝ ծանրօրէն խառնելու Արաբական Ծոցի ընդհանուր ջուրերը կը խօսի ոչ միայն կարեւոր նշանակէտի, այլ նաեւ որոշիչ ուժերու ազդեցութեան գօտիին մէջ տեղի ունեցած բեկման փորձին մասին։
Ամէն պարագայի Ծոցի երկիրներուն մասին յաճախ կայ այն միտումը, թէ անոնք անշարժ ու անփոփոխ համակարգեր են։ Իրականութեան մէջ անոնք ամրապնդուած են հսկայական հարստութեամբ, բացարձակ միապետական վարչակարգերով եւ Միացեալ Նահանգներու հետ խոր տնտեսական ու զինուորական կապերով։ Վերջին շաբթուան ընթացքին Իրանի դէմ ամերիկեան եւ իսրայէլեան օդային հարուածները եւ Իրանի հակահարուածները նոր լոյսի մը տակ բերին, թէ այս երկիրները ինչքան կ՚արտահանեն (նաւթ եւ կազ) եւ ինչ կը ներմուծեն (հարկէ խուսափողներ եւ աշխատուժ)։ Սակայն, համաշխարհային տնտեսութեան ուժանիւթային մատակարարման դժուարութիւններուն մասին մտածելէ անդին եւ պատերազմական գօտիներու մէջ գտնուող ազդեցիկ անձերուն վրայ «ծիծաղելէ» զատ, հարկ է յիշել, թէ ներկայ բախումները ամբողջ շրջանին համար խոր հետեւանքներ պիտի ունենան։ Խնդիրը միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Իսրայէլին եւ Իրանին չի վերաբերիր․ անիկա Միջին Արեւելքի բարդ եւ իրարու վրայ համընկնող քաղաքական համակարգին մասին է, որ աւելի փխրուն է քան կ՛երեւի։
Վերջին տարիներուն շրջանը բազմաթիւ փոփոխութիւններ տեսած է, սակայն յատկապէս Ծոցի երեք երկիրներու՝ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մեղմ բայց հետեւողական զարգացումը ամենէն նշանակալին եղած է։ Անոնք արագ կերպով փոփոխութիւններ կ՛իրականացնեն, որոնց ազդեցութիւնը կը զգացուի Լիպիայէն մինչեւ Պաղեստին։ 7 Հոկտեմբեր 2024 թուականի «Համաս»ի կատարած յարձակումը, որ շղթայական իրադարձութիւններու սկիզբ հանդիսացաւ, մասամբ կը կապուի «Համաս»ի այն ձգտումին հետ, որով ան կը փորձէր կասեցնել Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը․ այս գործընթացին յաջորդեց 2020 թուականի «Աբրահամեան համաձայնագիրներ»ու ստորագրութեան, որոնք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ այլ երկիրներ ստորագրեցին Իսրայէլի հետ։ Այս երեք երկիրները տարբեր ուղիներով, երբեմն ալ իրարու դէմ հակասութեամբ, կը հետապնդեն համաշխարհային եւ տարածաշրջանային լայնածաւալ օրակարգեր։ Անոնք նաեւ շատ աւելի անորոշ վիճակի մէջ են, քան իրենց տասնամեակներ շարունակ տեւած ընտանեկան իշխանութիւնը։
Սէուտական Արաբիան ներսէն սկսած է ազատականացման գործընթաց մը, որ կ՛աղարտէ երկար տարիներու ընկերային եւ կրօնական աւանդութիւնները։ Քանի մը տարի առաջ երկիրը յայտնուած էր կը «մերժեալ պետութիւն» կոչուելու սպառնալիքին առջեւ (ԱՄՆ Նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ), Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան պատճառով, մինչ Եմէնի մէջ անոր ռմբակոծութիւնները զէնքի վաճառքի արգիլման կոչերու կը յանգեցնէին։ Այդ ժամանակէն ի վեր թագաւորութեան գահաժառանգ Մոհամմատ պըն Սալման երկիրը վերածած է բացօթեայ խրախճանքներու, նորաձեւութեան ցուցադրութիւններու եւ բարձր մակարդակի մարզական ձեռնարկներու կեդրոնի։ Այն երկիրը, որ երբեմնի իր հեղինակութիւնը կը ստանար սիւննի իսլամի կրօնական առաջնահերթութիւններով՝ իբրեւ իսլամի ամենասուրբ քաղաքին՝ Մեքքայի կեդրոն, այժմ կը փորձէ հասնիլ Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, որոնք մեծ ներդրումներ կատարած են իրենց երկիրները դարձնելու ֆինանսի, սպառման եւ զուարճանքի ազդեցիկ կեդրոններ։
Այս երեք պետութիւններուն որդեգրած շրջադարձը մեծապէս կախեալ է միջազգային այցելուներ ներգրաւելէ։ Իսկ ասիկա իր հերթին կախեալ է պատերազմներու բացակայութենէն։ Ծոցի երկիրները փաստօրէն փորձած են աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնները նուազեցնել՝ իրենց երկիրներուն կայունութիւնը երաշխաւորելու եւ զանոնք համաշխարհային հաղորդակցութեան կեդրոններ դարձնելու համար։ Չսադրել Իրանը, չգրգռել Իսրայէլը եւ Միացեալ Նահանգները պահել որպէս անվտանգութեան երաշխաւոր։ Սակայն ընդամէնը մէկ շաբթուան ընթացքին, երբ իրանական նոր հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներ հասան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Սէուտական Արաբիա, այս ձեւաչափը խախտուեցաւ։
Անցնող տասնամեակին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ներգրաւուած եղած են ազդեցութեան ընդարձակման արիւնալի ծրագիրներու մէջ՝ Եմէնի, Լիպիոյ եւ Սուտանի պատերազմներուն մէջ հովանաւորելով դաշնակից ուժեր՝ ռազմավարական ազդեցութիւն եւ ոսկիով հարուստ շրջաններ ապահովելու նպատակով։ Այս ուղին վերջին ամիսներուն նոյնիսկ բախումի տարաւ Սէուտական Արաբիոյ հետ՝ Եմէնի մէջ Էմիրութիւններու աջակցութիւնը վայելող ուժերու առաջխաղացքին պատճառով։ Իսրայէլի հետ բնականոնացման գործընթացին մէջ ԱՄԷ-ն հետեւողական ընթացք որդեգրեց՝ իբրեւ «Աբրահամեան համաձայնագիրներ»ը ստորագրած միակ կարեւոր ծոցի երկիրը, ազդարարելով թէ Պաղեստինեան պետութեան ստեղծման պահանջներու նման սկզբունքային հարցերը առաջնահերթութիւն չեն իրեն համար։ Էմիրութիւնները գործարքային պետութիւն մըն է, որ ջերմեռանդօրէն ընդունած է նոր աշխարհակարգը՝ ուժի եւ դրամի գերակայութեան սկզբունքով, եւ չունի Սէուտական Արաբիոյ կրօնական կամ մշակութային բեռը։
Միւս կողմէ Քաթար կը գտնուի նուրբ եւ վտանգաւոր հաւասարակշռութեան մէջ։ 2017-ին Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները շրջափակեցին զայն։ Այդ ժամանակէն ի վեր երկիրը կը փորձէ հաւասարակշռել պաղեստինեան դատին աջակցութիւնը՝ «Համաս»ի ղեկավարներ հիւրընկալելով եւ Կազային օժանդակութիւն ուղարկելով, միեւնոյն ժամանակ հիւրընկալելով շրջանի ամենամեծ ամերիկեան ռազմակայանը եւ Իրանի հետ համագործակցելով Պարսից ծոցի կազի հանքավայրերուն շուրջ։ Այս բոլոր երկիրները քաղաքական վճռորոշ հանգրուաններու առջեւ կը գտնուին՝ իրարու միջեւ սուր մրցակցութեամբ։
Օդային տարածքներու փակումը, հեղուկ բնական կազի արտադրութեան դադրեցումը եւ հնարաւոր նաւթի արտադրութեան ընդհատումը, խաղաղութեան փլուզումը եւ պատերազմական սարսափները՝ հրթիռներու եւ անօդաչու սարքերու պայթիւններով, այնպիսի իրողութիւններ են, որոնք կարելի չէ պարզապէս «սպասելով» տանիլ։ Թէեւ այս պետութիւնները ուղղակի ռազմական գործողութիւններու մէջ ներգրաւուած չեն, անոնք եւս պատերազմի մէջ են։
Ծախսերու մեծ մասը կրնայ հոգալ պետական հարստութեան միջոցներով, սակայն աւելի դժուար է յաղթահարել անապահովութեան այն մթնոլորտը, որ կը տիրէ Ծոցի շրջանին մէջ։ Հարցը նախ տեւողութեան մասին է․ քանի՞ օր, շաբաթ կամ ամիս կրնայ շրջանը դիմանալ պատերազմի հետեւանքներուն, երբ նոյնիսկ խմելու ջուրը՝ որ մեծ մասամբ կ՛արտադրուի ուժանիւթ պահանջող աղազերծման կայաններու միջոցով, կրնայ վտանգուիլ։ Երկրորդ՝ պատերազմը աւելի յստակօրէն ցոյց տուաւ, թէ այս երկիրները՝ կամայ թէ ակամայ, ներգրաւուած են Ամերիկայի եւ Իսրայէլի տարածաշրջանային գերիշխանութեան օրակարգին մէջ։ Որքան երկար տեւէ այս վիճակը, այնքան դժուար կ՛ըլլայ ղեկավարներուն համար պահպանել ինքնիշխանութեան եւ վերահսկողութեան պատրանքը։
Տնտեսական ցնցումները կրնան խորացնել Էմիրութիւններու ձգտումը՝ Ափրիկէի մէջ պատերազմներ խթանելու՝ հում նիւթեր ապահովելու նպատակով։ Կայ նաեւ վտանգ, որ Ծոցի պետութիւններուն միջեւ սուր տարաձայնութիւններ ծագին՝ Ամերիկա-Իսրայէլեան ռազմավարութիւններուն աջակցութեան սահմաններուն շուրջ։ Նաեւ սպառնալիք կայ, որ Իրանի անկայունութիւնը տարածուի անոնց սահմաններուն մօտ։ Արդիւնքը այն է, որ Ծոցի պետութիւնները արագ կերպով կը կորսնցնեն տարիներու ընթացքին կուտակած քաղաքական եւ տնտեսական հարստութիւնը։
Այս երկիրները միայն ուժանիւթի մատակարարներ չեն․ անոնք մարդկային հասարակութիւններ են, որոնք կարելի չէ ներկայացնել որպէս պարզապէս հարստութեան բախտաւոր պահապաններ։ Ինչպէս Էտուարտ Սայիտ գրած է՝ «Արեւմուտքը յաճախ կը կարծէ, թէ ինք իրաւունք ունի աշխարհի մեծամասնութեան պաշարները սպառելու, որովհետեւ ինք «իրական մարդ» է, ի տարբերութիւն Արեւելքի ժողովուրդներուն»։
Ամերիկայի եւ Իսրայէլի մօտեցումներուն մէջ այս մտածողութիւնը խոր արմատներ ունի։ Իսկ երբ պատերազմը աւարտի եւ Տանըլտ Թրամփն ու Բենիամին Նեթանիահուն անցնին իրենց յաջորդ ճգնաժամերուն, շրջանը պիտի գտնուի վերաձեւուած քարտէսի մը առջեւ՝ նոր թշնամանքներով, մրցակցութիւններով եւ անվտանգային բարդ հետեւանքներով, որոնց բեռը պիտի կրեն այնտեղ ապրող ժողովուրդները, իրենց սերունդներով միասին։

Մերձաւոր Արեւելքը դէպի նոր փուլ…
Այս ամբողջ պատկերը մէկ կարեւոր ճշմարտութիւն կը բացայայտէ․ ՄերձաւոՐ Արեւելքը կը մտնէ նոր անցումային փուլ մը, ուր հին հաւասարակշռութիւնները աստիճանաբար կը քանդուին, իսկ նորերը դեռ ամբողջութեամբ չեն ձեւաւորուած։ Իրանի ներսի անորոշութիւնը՝ յատկապէս եթէ իսկապէս կապուած ըլլայ Մոժթապա Խամենէիի առողջական վիճակին հետ, կրնայ արագցնել այս գործընթացը։ Իրանի քաղաքական համակարգը կառուցուած է ուժեղ կեդրոնական առաջնորդութեան վրայ, եւ անոր շուրջ ստեղծուած իւրաքանչիւր «պարապութիւն» անմիջապէս կը բանայ ուժային պայքարի դաշտ մը՝ թէ՛ իշխանական կառոյցներուն, թէ՛ զինուորական ազդեցիկ շրջանակներուն միջեւ։
Բայց այս զարգացումը միայն Իրանի ներքին հարցը չէ։ Իրանը շրջանի հիմնական աշխարհաքաղաքական առանցքներէն մէկն է, եւ անոր ներսի ամենափոքր ցնցումն իսկ անմիջապէս կը տարածուի ամբողջ տարածաշրջանին վրայ՝ Պաղեստինէն մինչեւ Իրաք, Լիբանանէն մինչեւ Արաբական Ծոց։ Այդ պատճառով ալ ներկայ լարուածութիւնը աստիճանաբար կը վերածուի ոչ միայն ռազմական բախումի, այլ նաեւ տարածաշրջանային վերադասաւորման գործընթացի։
Ծոցի պետութիւնները երկար ժամանակ փորձեցին կառուցել այնպիսի մոտէլ մը, ուր տնտեսական ազատութիւնը, միջազգային ներդրումները եւ քաղաքական զգուշաւորութիւնը պիտի ապահովէին իրենց կայունութիւնը։ Սակայն վերջին զարգացումները կը յուշեն, որ այդ ձեւաչափը խոցելի է աշխարհաքաղաքական մեծ բախումներուն դիմաց։ Նաւթի եւ կազի հսկայական հարստութիւնը կրնայ մեղմել տնտեսական ցնցումները, բայց չի կրնար ամբողջովին պաշտպանել այդ պետութիւնները այն անվտանգային եւ քաղաքական ճնշումներէն, որոնք կը ծագին մեծ ուժերու մրցակցութենէն։
Այս իմաստով, ներկայ պատերազմական մթնոլորտը կը բացայայտէ նաեւ ուրիշ իրականութիւն մը․ Մերձաւոր Արեւելքի քարտէսը միայն պետութիւններու սահմաններով չէ որոշուած, այլ նաեւ ազդեցութեան գօտիներով, տնտեսական ուղիներով եւ ռազմավարական դաշինքներով։։ Երբ այս բոլոր գործօնները միաժամանակ կը շարժին, ամբողջ շրջանը կը մտնէ երկարատեւ անորոշութեան շրջան մը։
Ներկայ զարգացումները կարելի չէ դիտել որպէս առանձին ճգնաժամեր։ Անոնք մէկ մեծ գործընթացի մասն են, ուր տարածաշրջանը կը վերաձեւուի՝ ուժերու նոր դասաւորումով, նոր մրցակցութիւններով եւ երբեմն նաեւ նոր հակամարտութիւններով։ Իսկ այս փոփոխութիւններուն իրական գինը, ինչպէս պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, ամենաշատը կը վճարեն այդ հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդները։
Հետեւաբար հիմնական հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ով պիտի շահի այս «բախում»ը։ Իրական հարցը այն է, թէ արդեօք Մերձաւոր Արեւելքը պիտի կարենա՞յ դուրս գալ այս շրջափակումէն՝ նոր հաւասարակշռութիւն ստեղծելով, թէ՞ տարածաշրջանը պիտի մտնէ երկարատեւ մրցակցութիւններու եւ անկայունութեան դարաշրջան մը, ուր խաղաղութիւնը կը դառնայ հազուագիւտ եւ խոցելի երեւոյթ։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս