image

Պաղտատի մէջ. Բողոքի ցոյցեր Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց

Պաղտատի մէջ. Բողոքի  ցոյցեր  Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց

Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ ցոյցեր սկսած են Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Շարք ալ աուսաթ» պարբերականէն։

Տեղական լրատուամիջոցները աղբիւրին մէջ նշած են, որ «մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած են զանգուածային ցոյցեր՝ բողոքելով թրքական բանակի իրաքեան տարածք ներխուժելու դէմ»:

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ անվտանգութեան ուժեր փակած են Ալ-Վազիրիա շրջանին մէջ գտնուող դեսպանատուն տանող ճամբան:

Յիշեցնենք, որ  թրքական բանակը վերջերս Իրաքի Հիւսիսին մէջ ռազմական գործողութիւններ կատարեց «Քիւրտիստանի ազատագրութեան բանակ»ի զինեալներուն դէմ, որմէ ետք յայտարարեց, որ կազմակերպութեան կողմէ յայտնաբերուած են առեւանգուած 13  թուրքերու մարմիններ:

 Իր կարգին Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայէփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը կ'ընդլայնէ PKK-ի դէմ գործողութիւնները եւ պիտի շարունակէ մնալ իր մուտք գործած տարածքներուն մէջ: