Պաղեստինի Պետութեան նախագահի աշխատակազմը խորին երախտագիտութիւն յայտնած Հայաստանին՝ Պաղեստինի Պետութեան ճանաչման համար։ Նշուած է, որ «այդ համարձակ եւ կարեւոր որոշումը առանցքային քայլ է երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ճանապարհին»:
«Հայաստանի իմաստուն որոշումը կը համապատասխանէ երկու պետութիւններու համակեցութեան սկզբունքներուն, ռազմավարական ընտրութեան, որ կը պաշտպանէ միջազգային կամքն ու օրինականութիւնը։ Այս ճանաչումը կը նպաստէ անվտանգութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ներգրաւուած բոլոր կողմերու համար»,- յայտարարած են Պաղեստինի նախագահի աշխատակազմէն։
Իշխանութիւնները միւս երկիրներուն կոչ ըրած են հետեւելու Սպանիոյ, Իռլանտայի, Նորվեկիոյ, Սլովենիոյ եւ Հայաստանի օրինակին եւ ճանչնալ Պաղեստինի Պետութիւնը։