Պաղեստինեան դիմադրութիւնը կը շարունակէ ինքզինք գերազանցել իրականացնելով յատուկ գործողութիւններ, որոնց ի տես ափ ի բերան կը մնան Իսրայէլ տէրութեան ապահովական մարմինները։
Այս ծիրին մէջ, երէկ ՝ուրբաթ օր , բռնագրաւեալ Պաղեստինի «Արիէլ» բնակեցման վայրի մուտքի տեղի ունեցած է զինեալ յարձակում, որուն հետեւանքով ալ սպաննուած է իսրայէլացի պարեկ-ոստիկան մը։
جيش الاحتلال في بيان رسمي له يطالب بعدم نشر فيديو عملية مستوطنة "أرئيل" ويعتبره مضر بالقتيل وأسرته والتحقيق في الهجوم.
— Newpress | نيو برس (@NewpressPs) April 29, 2022
مرفق للفيديو الذي يطلب جيش الاحتلال عدم تداوله pic.twitter.com/crwEJ67hUO
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն, որ նաեւ հաղորդեց, որ գործողութիւնը կատարուած է գնդացիրով եւ գործողութեան ֆետայիները յաջողած են խոյս տալ դէպքի վայրէն։
Դէպքէն ետք, իսրայէլեան ուժերը փակած են Սալֆիթի նահանգապետարանի մուտքը եւ անցած են խուզարկումներու։
Իր կարգին իսրայէլեան 13-րդ ալիքի թղթակիցը յայտնած է, որ «գառլօ հրացանով զինուած դիմադրութեան երկու մարտիկներ կրակ բացած դպ «Արիէլ» բնակավայրի պահակին ուղղութեամբ, ինչ որ յանգեցուցած է անոր մահուան, եւ անոնք ետ քաշուած են դէպքին վայրէն»:
Իսրայէլեան աղբիւրները յայտնած են, որ սպաննուած պահակին ուղղութեամբ կրակ բացած երիտասարդները մտած են բնակավայր, իսկ անոնց հետապնդման գործողութիւնները տեղի կ'ունենան Սալֆիթի մօտ գտնուող «Արիէլ»-ի մէջ:
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ պաղեստինեան գործողութիւնները սաստկանալ սկսան անցնող մէկ ամսուան ընթացքին, որպէս հակազդեցութիւն Իսրայէլեան բռնարարքներուն, որոնք տեղի կ՚ունենան Երուսաղէմի պաղեստինաբնակ թաղամասերուն մէջ, նպատակ ունենալով պաղեստինցի բնիկ բնակիչները հեռացնել այդ շրջաններէն։