Models.com հարթակն ամփոփած է անցնող տարին եւ հրապարակած է աշխարհի լաւագոյն մոտելներու վարկանշային աղիւսակը։
Այս անգամ հանդիսատեսը համաձայնած է ժիւրիի հետ, որու կազմին մէջ ընդգրկուած էին նորաձեւութեան ականաւոր լրագրողներ ու ձեւաւորողներ, եւ միաձայն առաջատար ճանչցած՝ 26-ամեայ Պելլա Հատիտը։ Զարմանալի չէ, քանի որ այս տարի Պելլան նկարահանուած է հսկայական թուով ֆոթոշարքերու մէջ, մասնակցած է տասնեակ նորաձեւութեան ցուցադրութիւններու, ինչպէս նաեւ դարձած է պատմութեան մէջ առաջին մոտելը, որ Coperni վաճառանիշի ցուցադրութեան ժամանակ փոտիումին վրայ քալած է «հեղուկ» զգեստով։
Բացի այդ, հանդիսատեսի քուէարկութեան շնորհիւ Պելլա Հատիտ իր աշխուժ հասարակական դիրքորոշման համար ստացած է Social Mover of the Year կոչում։ Այս տարի ան հրապարակայնօրէն խօսած է իր Լայմի հիւանդութեան, սթրեսի եւ ինքնընդունման մասին:
Նշենք, որ վարկանիշին մէջ ընդգրկուած են նաեւ մոտելներ Ատութ Աքեչը, Վիքթորիա Չերեթին, Միլա վան Էտընը, Քուաննա Չեյսինկհորսը, Մաթիլտա Կվարլիանին, «Էյֆորիա»-ի աստղ Հանթըր Շաֆըրը եւ Լինտա Եւանկելիսթան, որ յատուկ մրցանակ ստացած է նորաձեւութեան ոլորտի զարգացման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար։