13 նոյեմբերին՝ չորեքշաբթի օր, Սպիտակ տան մէջ տեղի պիտի ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործող եւ նորընտիր նախագահներ Ճօ Պայտընի եւ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը։ Հանդիպման պիտի քննարկուի իշխանութեան փոխանցման հարցը, յայտնած են Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն։