ՄԱՀԱԵՄ-ի Պաշտօնական էջէն վերահասու դարձանք, որ օրերս իր աչքերը յաւերժին փակած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ երիցագոյն նուիրեալներէն՝ Վեր. Պարգեւ Տարագճեան։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք ՄԱՀԱԵՄ-ի կողմէ այդ տխուր առթիւ ներկայացուած մահագրականը։
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը կը գուժէ` վաստակաշատ հովիւի, խմբագիրի, Ք.Ջ. երիտասարդաց գործակատարի եւ հայ ազգի նուիրեալ ծառայողի՝ Վեր. Պարգեւ Ն. Տարագճեանի մահը, որ պահատեցաւ 6 Ապրիլ 2023ին, Կլէնտէյլ, Գալիֆորնիա (Ա.Մ.Ն.), իր 98րդ տարին բոլորած։
Վեր. Պարգեւ Տարագճեան Հալէպ ծնած է, եւ Միջին Արեւելքի մէջ իր ծառայութիւնը գլխաւորաբար Պէյրութի մէջ ըրած է։ Հովուական եւ երիտասարդական գործունէութեան կողքին՝ Միութեան մէջ ան ծառայած է յատկապէս որպէս «Ջանասէր»ի եւ «Պատանեկան Արձագանգի» խմբագիր։ Իր յօդուածներով՝ կրօնական, Հայ Աւետարանական, ազգային եւ հասարակական բազմազան նիւթերու շուրջ՝ հայ քրիստոնեայ մարդուն մտաշխարհը հարստացուցած են։
Իր ծառայութիւնը շարունակած է 1974 թ.ի կէսէն սկսեալ Ա.Մ.Ն.ի մէջ՝ իբր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետ. Միութեան մէջ գործող հովիւ, եւ շատերու կողմէ յարգանք վայելած է իբր համահայկական նիւթերու մասին յօդուածագիր եւ աշխոյժ ջատագով միջ-եկեղեցական գործակցութեան։
Վեր. Տարագճեան իր ետին կը թողու իր տիկինը Ագնես, ինչպէս նաեւ իր զաւակները Անի (Նազարէթ) Տարագճեան եւ Հուրի (Մայքըլ) Վիթալի եւ իրենց զաւակները։
Աստուծմէ շնորհակալ ենք Վեր. Պարգեւ Տարագճեանի կեանքին եւ վաստակին համար, եւ Տէր Յիսուսի ողորմութեան եւ յարութեան յոյսին կը յանձնենք իր բոլոր հարազատները եւ բարեկամները։
