Քիչ առաջ «Արեւելք» տեղեակացուցած էր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ լսելի դարձած պայթումին մասին, նշելով նաեւ, որ պայթումէն անմիջապէս ետք ծագած է հրդեհ մը։
Մանրամասնութիւններուն մէջ կը հաղորդուի, որ պայթումը եղած է թթուածնային սարքաւորումներու գործարանի մը մէջ, որուն հետեւանքով ալ պայթած են թթուածին պարունակող տակառներ։
Դէպքին մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի ԱԻՆ-ը տեղեկացնելով, որ կարելի եղած է հրդեհը մասնակիօրէն մարել եւ յորդորելով քաղաքացիներուն խուճապի չմատնուիլ։
Տեսանիւթը ՝ News.am-ի