image

Նոր մանրամասնութիւններ Ստեփանակերտի հրդեհէն (Տեսանիւթ)

 Նոր մանրամասնութիւններ Ստեփանակերտի հրդեհէն (Տեսանիւթ)

 Քիչ առաջ «Արեւելք» տեղեակացուցած էր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ լսելի դարձած պայթումին մասին, նշելով նաեւ, որ պայթումէն անմիջապէս ետք ծագած է հրդեհ մը։

Մանրամասնութիւններուն մէջ կը հաղորդուի, որ պայթումը եղած է  թթուածնային սարքաւորումներու գործարանի մը մէջ, որուն հետեւանքով ալ պայթած են թթուածին պարունակող տակառներ։

 Դէպքին մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի ԱԻՆ-ը  տեղեկացնելով, որ կարելի եղած է հրդեհը մասնակիօրէն  մարել եւ յորդորելով քաղաքացիներուն խուճապի չմատնուիլ։

 

 

 Տեսանիւթը ՝ News.am-ի