image

Նոր մանրամասնութիւններ կիրակի օր եղած յարձակումէն. Սպառնացած են նռնակներով պայթեցնել հերթապահ մասը (տեսանիւթ)

Նոր մանրամասնութիւններ կիրակի օր եղած յարձակումէն. Սպառնացած են նռնակներով պայթեցնել հերթապահ մասը (տեսանիւթ)

Ներքին գործոց նախարարութիւնը նոր մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Նոր Նորքի ոստիկանութեան բաժանմունքի վրայ զինուած յարձակման մասին եւ հրապարակած է տեսանիւթ։

Մարտ 24-ին՝ ժամը 17։00-ի սահմաններուն, նռնակներով զինուած 3 անձ մօտեցած են Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժնի հերթապահ մասի բաց պատուհանին, սպառնացած են ձեռքի նռնակներով պայթեցնել հերթապահ մասը։

Ոստիկանութեան ծառայողը փակած է հերթապահ մասի պատուհանը, որմէ ետք սպառնալիքներ հնչեցնող անձը իր ձեռքի նռնակներէն մէկը նետած է, որու հետեաւնքով այն պայթած է ոստիկանութեան բաժնի վարչական շէնքի հերթապահ մասի մուտքի դռան դիմաց՝ իրական վտանգ ստեղծելով ոստիկանութեան ծառայողներու կեանքի եւ առողջութեան համար։ Պայթումի հետեւանքով նշուած անձերէն երկուքը ոտքերու շրջանին ստացած են վնասուածքներ եւ տեղափոխուած բժշկական կեդրոն։

Երրորդ անձը՝ նռնակները ձեռքը պահած, շարունակած է սպառնալ, որ կը պայթեցնէ շէնքը։

Դէպքի վայր ժամանած են Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժանումներու ծառայողներ՝ ոստիկանութեան պետ-Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ, ոստիկանութեան զօրավար-մայոր Արամ Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ, իրաւապահ այլ կառոյցներու ծառայողներ։

Սկսած են բանակցութիւններ՝ նռնակները յանձնելու ուղղութեամբ եւ որոշ ժամանակ անց նռնակներով զինուած 34-ամեայ Ս․ Հ․-ն Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ծառայողներու կողմէ վնասազերծուած է։ Անոր մօտ յայտնաբերուած են չորս նռնակներ։

Ձեռնարկուած միջոցառումներով պարզուած է, որ նռնակն առերեւոյթ պայթեցուցած անձը կը հանդիսանայ 55-ամեայ Ա․ Մ-ն։ Պայթումի հետեւանքով վնասուածքներ ստացած են 55-ամեայ Ա․ Մ․-ն եւ 51-ամեայ Վ․ Գ․-ն, որոնք տեղափոխուած են բժշկական կեդրոն։

Նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։