image

Նոր լարուածութիւն իսրայէլեան բանտերուն մէջ. Պաղեստինցիք կը բողոքեն

Նոր  լարուածութիւն իսրայէլեան բանտերուն մէջ. Պաղեստինցիք կը բողոքեն

Պաղեստինի բանտարկեալներու տեղեկատուական գրասենեակը յայտնած է, որ բանտարկեալներու շարժումը որոշած է փակել բոլոր բաժանմունքները Իսրայէլի բոլոր բանտերուն մէջ։

Գրասենեակը յաւելեց, որ այս մագլցող քայլը տեղի ունեցած է ի նշան բողոքի՝ բանտարկեալներու հանգստավայր հանդիսացող «Ֆորա»յի բանտարկեալներու թիւի կրճատման դէմ։

Գրասենեակը նաեւ մէջբերած է շարժման խօսքերը, որ «այն պարագային, երբ իսրայէլեան բանտերու վարչակազմը ետ չկանգնի իր պատժիչ միջոցներէն, մենք յառաջիկայ ժամերուն աւելի մագլցողական քայլերու պիտի ձեռնարկենք»:

Գրասենեակը յայտարարած է, որ «իսրայէլեան բանտերուն մէջ դեռ լարուած մթնոլորտ է ի նշան բանտարկեալներու նկատմամբ բանտային վարչակազմին կողմէ կիրառուող պատժիչ միջոցներու դէմ բողոքի»:

Յատկանշական է, որ մի քանի օր առաջ բանտարկեալներու շարժումը յայտարարեց, որ Իսրայէլի բանտերու ղեկավարութիւնը յետս կը կանչէ Ազատութեան փապուղիի գործողութենէն յետոյ ձեռք բերուած փոխըմբռնումները` մատնանշելով, որ բանտի վարչակազմը նոր պատիժներ կը սահմանէ բանտարկեալներուն նկատմամբ: