Հայաստանի կառավարութիւնը Խորհրդարանի քննարկման ներկայացուցած է 2026 տարուան պիւտճԷի նախագիծը, որուն ծախսային բաժինը 9.4 միլիառ տոլար է, իսկ եկամուտները` 8.1 միլիառ տոլար: Յառաջիկայ տարուան պետական պիւտճէն կը դառնայ անկախ Հայաստանի պատմութեան ամենէն բարձրը: Բաղդատական ընելու համար կÿարժէ յիշեցնել որ, Սերժ Սարգսեանի կառավարութեան ներկայացուցած` 2018 թուականի պիւտճէն 3.03 միլիառ տոլար էր: Այսպիսով պետական պիւտճէն 7 տարուան ընթացքին աւելի քան եռապատկուած է` շնորհիւ աւելի մաքուր կառավարման ու հարկային ու մաքսային տուրքերու աւելի արդիւնաւէտ հաւաքագրման:
Ինչ կը վերաբերի ռազմական ծախսերուն, 2026 տարուան համար Կառավարութիւնը յատկացուցած է շուրջ 1.5 միլիառ տոլար` այս տարուան 1.7 միլիառի փոխարէն: Ընդդիմադրութիւնը այս օրերուն իր քննադատութիւններուն թիրախը դարձուցած է այս կրճատումը, այդ վերագրելով «Պաքուի եւ Անգարայի պահանջներուն»:
Ռազմական պիւտճէն սկսաւ կտրուկ բարձրանալ 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւ յատկապէս Ատրպէյճանի կողմէ բուն Հայաստանի տարածք ներխուժման փորձերուն յաջորդող ժամանակաշրջանին: Երեւան նախ դիմեց իր աւանդական մատկարար` Ռուսաստանին, հոնկէ ստանալու համար պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ զինատեսակները: Ռուսաստան տարբեր պատճառներով չկարողացաւ կամ չուզեց կատարել իր պարտաւորութիւնները, հակառակ որ այդ զէնքերուն համար կանխիկ ստացած էր 400 միլիոն տոլար եւ մինջեւ օրս յայտնի չէ, թէ այդ գումարին ճակատագիրը ի՞նչ եղաւ քանի որ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը, հասկանալի պատճառներով, գաղտնի կը պահէ ռազմական հարցերուն վերաբերող բոլոր տեղեկութիւնները: Այս ձախող փորձէն ետք, Հայաստան որոշեց իր ռազմական կարիքներուն համար այլեւս չապաւինիլ Ռուսաստանին ու փոխարէնը գտնել այլ զէնքի աղբիւրներ` գլխաւորաբար Հնդկաստանն ու Ֆրանսան, սակայն չսահմանափակուելով միայն այդ երկիրներով, ու նաեւ զարկ տալով ներքին արտադրութեան: «Ունենք նոր, հայրենական, ամբողջութեամբ հայկական մտքի արդիւնքում արտադրուած զէնքեր: 2022 թուականին մենք ունեցել ենք տեղական ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւնների հետ մօտաւորապէս 5,5 միլիառ դրամի պայմանագիր: Հետագայում եռամեայ պայմանագրերի արդիւնքում այդ թիւը դարձել է 170 միլիառ»,- վերջերս յայտարարեց պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան:
Այս բոլոր թուանշանները անտեսելով, ընդդիմադրութիւնը կը մեղադրէ իշխանութիւններուն բանակի կարիքնեը անտեսելու ու զայն տկարացնելու մէջ: Անոնք չեն ուզեր յիշել, որ իրենց իշանութեան օրով էր, որ խախտուեցաւ ռազմական հաւասարակշռութիւնը` Ատրպէյճանի հետ եւ որուն հետեւանքը եղաւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Հայաստանի կրած պարտութիւնը: Իրենց աչքին առջեւ Պաքուն կը զինուէր ու իրենք զբաղած էին բանակէն գողանալով դղեակներ կառուցելով: Այլապէս ինչպէս կարելի է բացատրել իրենց օրով բանակին յատկացուած մի քանի հարիւր միլիոն տոլարները, երբ Ատրպէյճան կը ծախսէր Հայաստանի տասնապատիկը: Անոնց իշխանութեան վերջին տարին բանակին յատկացուած էր մօտ 500 միլիոն տոլար: Եթէ նոյնիսկ նկատի առնուին սղաճի տոկոսները, այդ գումարը կը նկատուի չափազանց չնչին ու անբաւարար` մնայուն պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկրին համար:
Վերադառնալով բուն հարցին, թէ արդեօ՞ք արդարացուած է ռազմական ծախսերու կրճատումը, թէ ո՛չ: Պատասխանը միանշանակ այո է, քանի որ, Ուոշինկթընեան համաձայնութենէն ետք իրավիճակ փոխուած է ու խաղաղութիւնը դարձած է աւելի հասանելի: Դադրած են սահմանային միջադէպերը ու փոխուած է հակառակորդի հռետորաբանութիւնը: Ատրպէյճանը իր կարգին կը յայտարարէ, որ 2027-էն սկսեալ պիտի պակսեցնէ իր ռազմական Ծախսերը:
Հայաստանի նման երկրի մը համար, որ չունի բնական հարստութիւններ, զէնքի համար ծախսուող գումարները կը կատարուին ժողովուրդի ընկերային կարիքներու հաշուին եւ կարելի չէ մնայուն կերպով պիւտճէի 20 տոկոսը յատկացնել բանակին, երբ աղքատութեան մակարդակը կը շարունակէ մնալ բարձր: Կառավարութիւնը ստիպուած է գտնելու միջին լուծումը ու նոյնքան կարեւորութեամբ մօտենալու ե՛ւ մէկուն ե՛ւ միւսին: Ինչ կը վերաբերի ընդդիմադրութեան, եթէ ժամանակին անոնք նոյն մտահոգութեամբ առաջնորդուէին, կանխուած պիտի ըլլային այն աղէտները, որոնց ենթարկուեցաւ հայութիւնը` վերջին տարիներուն:
Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»
11/07/2025