image
Հրատապ լուրեր:

Լեմքին հիմնարկը ստորագրահաւաք սկսած է. «Անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող բոլոր հայերը»

Լեմքին հիմնարկը ստորագրահաւաք սկսած է. «Անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող  բոլոր հայերը»

Ցեղասպանութիւններու կանխարգելման Լեմքինի հիմնարկը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին կոչ ըրած է ազատ արձակելու Պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ գերիները եւ այդ առնչութեամբ ստորագրահաւաք սկսած է։ 

«Լեմքինի հիմնարկը խորապէս մտահոգուած է, որ Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակեն ապօրինաբար կալանաւորուած մնալ արցախցի քաղաքական բանտարկեալները։ Մենք կոչ կ՚ընենք անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու։ Ատրպէյճանի նախագահին կոչ կ՚ընենք ազատ արձակելու բոլոր հայերը, որոնք ներկայիս կը պահուին Պաքուի մէջ։ Անոնց կալանաւորումը միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում է»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Լեմքինի հիմնարկը կոչ կ՚ընէ ստորագրելու Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու միջնորդութիւնը։  

«Ստորագրելով այս միջնորդութիւնը՝ դուք կրնաք քայլ ընել Պաքուի մէջ պահուող արցախահայերու, ինչպէս նաեւ  բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ, որոնցմէ ոմանք ապօրինաբար այնտեղ կը պահուին տարիներով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։