Սուրիոյ մէջ Պաշշար Ասատի իշխանութեան տապալումէն ետք յաղթանակ տօնողներու շարքին են նաեւ անոնք, որոնց ընտանիքիներու ադամները, ընկերները տեւական ժամանակ եղած են անազատութեան մէջ՝ փակուած ըլլալով բանտերու մէջ եւ այնտեղ կտտանքներու ենթարկուելով: Այս մասին գրած է Daily Mail-ը՝ մանրամասնելով, որ խօսքն այն բանտերու մասին է, ուր, արեւմտեան մամուլի պնդմամբ, Ասատի վարչակարգն ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչները, այլախոհները, անոնց հարազատները կտտանքներու ենթարկած է:
Այս առումով առանձնացուած է Դամասկոսէն ոչ հեռու գտնուող տխրահռչակ Սետնաիա բանտը, որ յաճախ կը կոչէին «Մարդոց սպանդանոց» եւ որ կը համարուէր դաժան կտտանքներու եւ մահապատիժներու իրականացման օճախ:
Նոր հրապարակուած նկարներուն մէջ կ՚երեւին՝ շէնքի նկուղներէն յատուկ տոպրակներու մէջ դուրս բերուող նեխած դիեր:
Այժմ, երբ այս բանտերէն ազատածները վերամիաւորուած են իրենց ընտանիքներու հետ եւ սահմռկեցուցիչ մանրամասնութիւններ կը պատմեն ճաղերու ետի կեանքի մասին, կտտանքներու կազմակերպիչները կրնան շուտով պատասխանատւութեան ենթարկուիլ:
Սուրիոյ մէջ Ասատի իշխանութիւնը տապալած «Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ» խմբաւորման առաջնորդ Ապու Մուհամետ ալ Ճոլանին խոստացած է հետապնդել պաշտօնեաները, անվտանգութեան ուժերու ներկայացուցիչները եւ բանակի սպաները, որոնք «տանջած են» սուրիացի ժողովուրդը: Ան բացայայտ յայտարարած է, որ պատասխանատւութեան պիտի ենթարկէ անոնց, որոնք մասնակից եղած են սուրիացիներու դէմ «պատերազմական յանցագործութիւններուն»:
«Մենք պիտի հրապարակենք ցուցակ, որ կը ներառէ սուրիացի ժողովուրդի խոշտանգումներուն մէջ ներգրաւուած ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեաներու անունները: Պարգեւներ պիտի տրամադրուին անոնց, որոնք տեղեկութիւններ կը տրամադրեն ռազմական յանցագործութիւններու մէջ ներգրաւուած բանակի եւ անվտանգութեան բարձրաստիճան սպաներու մասին», -ըսուած է Ճոլանիի յայտարարութեան մէջ։
Այս բանտերուն մէջ պահուած են ոչ միայն ընդդիմադիր զինեալները, այլեւ մտաւորականներ, աքթիւիսթներ եւ սովորական քաղաքացիական անձինք. բոլորը ենթարկուած են նողկալի վերաբերմունքի, շատ պարագաներու՝ քանի մը տասնամեակ:
Մարդու իրաւունքներու սուրիական ցանցը կը պնդէ, որ 2011 թուականի մարտին սուրիական յեղափոխութեան սկիզբէն ի վեր աւելի քան 157,000 մարդ, այդ շարքին՝ 5,274 երեխայ եւ 10,221 կին ձերբակալուած եւ անհետացած է: Նշուած է, որ այդ ընթացքին խոշտանգումներէն մահացած է աւելի քան 15,000 մարդ:
Մարդու իրաւունքներու սուրիական ցանցը նաեւ փաստագրած է, իր պնդմամբ, Ասատի օրօք խոշտանգումներու 72 տարբեր մեթոտներ, որոնք կը ներառէին սեռական օրկաններու ելեկտրահարում: