Երեւանի պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) ներս նշուեցաւ անուանի գիտնական, արուեստագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսոր, Միլանի Ամբրոզեան ակադեմիոյ անդամ, Մոնփելիէի ակադեմիոյ թղթակից անդամ, ԵՊՀ Հայ արուեստի պատմութեան եւ տեսութեան ամպիոնի հիմնադիր, վարիչ, նաեւ արուեստաբանութեան բաժնի հիմնադիր՝ Լեւոն Չուգասզեանի 70-րդ տարեդարձը:
ԵՊՀ պատմութեան ճիւղի դեկան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր՝ Էտիկ Մինասեան անդրադարձաւ Չուգասզեանի անցած ճանապարհին, կարեւորեց անոր կողմէ ԵՊՀ-ի Հայ արուեստի պատմութեան եւ տեսութեան ամպիոնի հիմնադրութիւնը: Զանազան նիւթերու կողքին ան խօսեցաւ գիտնականի մենագրութիւններու մասին, որոնք ըստ Մինասեանի՝ նոր խօսք եւ մեծ արժէք ունեցող ներդրում են արուեստագիտութեան եւ հայ արուեստի պատմութեան մէջ:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) արուեստի հիմնարկի տնօրէն՝ Աննա Ասատրեան ընդգծեց, որ Լեւոն Չուգասզեան մեծ վաստակ ունի հայկական միջնադարեան մանրանկարչութեան հանրահռչակելու առումով: Ան յոբելեարին նուիրեց Հայ երաժշտութեան հանրագիտարան մաղթելով, որ առաջիկային ունենանք նաեւ հայ կերպարուեստի հանրագիտարան: Աննա Ասատրեան ըսաւ, որ Հայ երաժշտութեան հանրագիտարանին մէջ տեղ գտած է հրապարակում նաեւ Լեւոն Չուգասզեանի բարեկամուհիի, Նիու Եորքի Մեթրոփոլիթըն օփերայի աստղերէն՝ Լիլի Չուգասզեանի մասին:
Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ՝ Գէորգ Տէր Վարդանեան ըսաւ, որ 70-ամեակը մեկնակէտ է յաջորդ ընելիքներու համար: Եղան նաեւ այլ` տեսաուղերձներ ու շնորհաւորանքներ «դուրսէն», անոնց կարգին` ճանչցուած գիտնականներու ու հոգեւոր այրերու, Լեւոն Չուգասզեանի` Հայաստանէն դուրս բնակուող ուսանողներու: Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէնի տեղակալ՝ Սամուէլ Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ Լեւոն Չուգասզեան մեծ դերակատարութիւն ունի նաեւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի համալրման գործին մէջ: Անոր ջանքերով պատկերասրահը համալրուած է 10-էն աւելի ստեղծագործութիւններով, որոնց կարգին են արտասահմանեան երկիրներու գեղանկարչութիւնը, նաեւ ուրարտական խեցեղէնի մասունքները: Լեւոն Չուգասզեանի ուսանողներէն Փորձագիտական կեդրոնի տնօրէն՝ Էսթեր Աբրահամեան սիրելի փրոֆեսորը բնորոշեց, որպէս արուեստաբանութեան դպրոցի ձեւաւորման եւ պահպանման խարիսխ:
Նիւթը՝ Գոհար Յակոբեանի
Aravot.am Կայքէն
«Արեւելք»ի համար արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Թ.Գ.