Օրերս Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայկական համայնքի նուիրեալ անձնաւորութիւններէն Տիար Հրանդ Կիւլեան։
Ստորեւ այդ մասին Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» պարբերականի հրապարակած հակիրճ մահագրութիւնը՝
Ցաւով կը տեղեկանանք որ իր մահկանացուն կնքած է Նիւ Եորքի հայ համայնքի երեւելի դէմքերէն մէկը՝ ծնունդով տիգրանակերտցի նախկին թրքահայ Հրանդ Կիւլեան։ Ան մահացաւ 13 Յունուարին, ճիշդ այն օրը, երբ իր ծննդավայր քաղաքի Ս. Կիրակոս եկեղեցին կը նշէր իր անուան տօնախմբութիւնը։
Հանգուցեալը կարեւոր օժանդակութիւն բերած էր Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքին։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ, 21 Յունուարին։
Հակառակ որ ձիւնամրրիկ էր, իր բարեկամներն ու ընկերները առտուան ժամը 9ին հաւաքուեցան առաջնորդանիստ Ս. Վարդան տաճարին մէջ։ Այնպէս, ինչպէս կենդանութեան օրով, Հրանդ Կիւլեանի յուղարկաւորութիւնը եւս համախմբեց բոլոր դաւանանքներու հայերը, ողբացեալի յիշատակը յարգելու համար։
Արեւելեան թեմի Էջմիածնական աթոռի Առաջնորդ՝ Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան, Կիլիկիոյ աթոռի Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, կաթոլիկ ու բողոքական եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ միասնաբար աղօթեցին Կիւլեանի հոգւոյն խաղաղութեան համար։
Հրանդ Կիւլեան ծնած էր 1948ին, Տիգրանակերտ, Ղազարոս ու Սամիրան Կիւլեանի ընտանիքի մէջ։ Նախակրթութիւնն ու միջնակարգի ուսումը ստացած էր Իսթանպուլի մէջ։ 18 տարեկանին տեղափոխուած էր Նիւ Եորք, յետոյ իր քով առած էր նաեւ եղբայրներն ու քոյրը՝ Յակոբը, Երուանդն ու Մարին։ Ասպարէզով ոսկերիչ էր եւ հմուտ վաճառականի ու վարպետի յարգանք կը վայելէր։ Ամբողջ կեանքը նուիրած էր հայ եկեղեցիին։ Ս. Վարդան տաճարի սարկաւագ էր, անդամ եկեղեցւոյ Կոմիտաս երգչախումբին։ Ամուսնացած էր Ռուպի անունով հայուհիի մը հետ, ունենալով երկու զաւակ՝ Անուշ եւ Հայկ։
Հրանդ Կիւլեան տեղւոյն հայերու մարզական ու մշակութային կեդրոնի՝ «Հայ տուն»ի ատենապետն էր, նաեւ կարեւոր դէմք՝ համայնքային կեանքի մէջ։
Յուղարկաւորութեան ընթացքին դագաղին վրայ տարածուած էր սարկաւագի շապիկը։