image

Նենսի Փելոսին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր

Նենսի Փելոսին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր

ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հրաւէրով Հայաստան կը գտնուի ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ալեն Սիմոնեանի ուղեկցութեամբ բարձրաստիճան հիւրերը 18 սեպտեմբերին այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ դրած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ, լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած Սուրբ նահատակներու յիշատակը: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ անոնք ծանօթացած են Եղեռնի մասին հաւաստող փաստաթուղթերուն:

Նենսի Փելոսին զգալի ներդրում ունեցած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող բանաձեւի ընդունման գործին: Բանաձեւն ընդունուած է Նենսի Փելոսիի՝ որպէս խօսնակ պաշտօնավարելու երկրորդ ժամկէտին: