image

«Նեմեսիս»ի արձանը քանդելու մտադրութիւն չկայ. Քաղաքապետարան

«Նեմեսիս»ի արձանը քանդելու մտադրութիւն չկայ. Քաղաքապետարան

«Նեմեսիս» գործողութեան արձանը քանդելու մտադրութիւն Երեւանի իշխանութիւնը չունի, «Ազատութեան» փոխանցած են Երեւանի քաղաքապետարանէն։

«Ազատութիւն» հարց ուղղած էր քաղաքային իշխանութեան՝ արդեօք հայաստանեան օդանաւային ընկերութիւններուն առջեւ օդային տարածքը փակելէն ու Թուրքիոյ մէջ բարձրացած աղմուկէն յետոյ Երեւանի իշխանութիւնը մտադրութիւն ունի հեռացնելու «Նեմեսիս» գործողութեան նուիրուած արձանը, թէ օրակարգին մէջ նման հարց չկայ։

Պաշտօնական Անգարան եւ Պաքուն դատապարտած են Երեւանի մէջ յուշակոթողի տեղադրումը: Թուրքիան փակած է իր օդային տարածքը հայկական օդանաւային ընկերութիւններու ինքնաթիռներուն համար, որոնք կը թռչին երրորդ երկիրներ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն սպառնացած է՝ «եթէ արձանը չհանէք, կարգաւորումը չէ, դեռ բան մըն ալ պատասխան քայլեր կ'ընենք»։