image

Նայինք պղպջակէն անդին

Նայինք պղպջակէն անդին

Ոմանք յուսախաբութիւն յայտնած են իմ վերջին գրութիւններուս նկատմամբ։ Ուրիշներ փոփոխութեան մը մասին կը խօսին։ Ես այդպէս չեմ տեսներ։ 2008-էն ի վեր ես անկուսակցական եմ։ Տասնամեակներէ ի վեր կանոնաւորաբար այցելած եմ Հայաստան, շփուած եմ թէ՛ հայրենիքի բնակիչներուն եւ թէ՛ սփիւռքահայերուն հետ։

Ես ճշմարտութեան վրայ մենաշնորհ չունիմ։ Ոչ ալ որեւէ քաղաքական գործիչ։ Կառավարութիւններ կու գան ու կ՚երթան, կուսակցութիւններ կը բարձրանան ու կը նահանջեն, գաղափարախօսութիւններ կը փոխուին, իսկ անուններ կը մոռցուին։ Ասիկա անհետեւողականութիւն չէ։ Ասիկա անկախ մտածողութիւն է։

Ինչո՞ւ ամէն զարգացում պէտք է մերժուի, միայն որովհետեւ անիկա չի համապատասխաներ կուսակցական գիծի կամ մտածելակերպի մը։

Հայ Եկեղեցին դարեր շարունակ պահպանեց մեր ինքնութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր պետականութեան մարմնացումն է։ Ձուլման հոսանքը կը շարունակուի։ Մասնակցութիւնը կը նուազի, համայնքները կը նօսրանան։

Կիպրոսի մէջ ապրիլը ինծի սորվեցուցած է, որ համայնքները մեկուսացման մէջ չեն բարգաւաճիր։ Այս կղզին կը բաժնենք յոյն կիպրացիներու, թուրք կիպրացիներու, մարոնիթներու, լատիններու եւ այլոց հետ։ Համակեցութիւնը տկարութիւն չէ։ Երկխօսութիւնը անձնատուութիւն չէ։ Խաղաղութիւնը դաւաճանութիւն չէ։

Ոչ մէկ կուսակցութիւն, կազմակերպութիւն կամ ինքնակոչ հաւաքականութիւն մենաշնորհ ունի ողջ հայութեան անունով խօսելու։

Յաճախ մարդիկ կը հարցնեն. «Ինչուդ է պէտք»։ Ինծի պէտք է։

Ոմանք պիտի ըսեն, թէ կառավարութիւնները ազգային սրբութիւնները կը դաւաճանեն։ Բայց տարբերութիւն կայ զգօնութեան եւ մշտական վախի մէջ ապրելու միջեւ։

Վախը կրնայ բանտ դառնալ։

Պատմութիւնը երբեք հայրենասէրներու պակաս չէ ունեցած։ Բայց նաեւ երբեք պակաս չեն եղած անոնք, որոնք ճառախօսութիւնը հայրենասիրութեան  հետ շփոթած են։

Յաւակնութիւնը չունիմ բոլորին կողմէ  սիրելի ըլլալու։ Աշխարհը կը փոխուի։ Ընկերութիւնները կը զարգանան։ Համայնքները կա՛մ կը յարմարին, կա՛մ կը նահանջեն։ Թերեւս ժամանակն է, որ բոլորս քիչ մը պղպջակէն անդին նայինք։

 

Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեան 
(Նիկոսիա)