image

ՆԱԹՕ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղարը կարեւորած է Միջազգային Խաղաղապահ ուժեր ունելու հարցը

ՆԱԹՕ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղարը կարեւորած է Միջազգային  Խաղաղապահ ուժեր ունելու  հարցը

Մեզի անհրաժեշտ է միջազգային խաղաղապահներու մեխանիզմ, որ կ'երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը: Առաջին ալիքի՝ Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է «Ռասմուսեն Կլոպալ» կազմակերպութեան նախագահ, ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսենը․

«Ես այստեղ եմ ՀՀ կառավարութեան հրաւէրով՝ օգնելու Հայաստանին աւելի ամուր կապեր ունենալ յատկապէս Եւրոպական Միութեան եւ Արեւմուտքի հետ։ Հայաստանը վստահելի ընկերներու կարիք ունի եւ ես պիտի փորձեմ օգնել ձեզի ունենալ այդ ընկերները:

Լաչինի միջանցքի շրջափակումը անմարդկային է եւ անօրինական։ Հնարաւորութիւն ունեցայ խօսելու մարդոց հետ, որոնք բնակած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Անոնցմէ մէկը բուժքոյր Անուշն էր, որ ինծի պատմեց պարէնի ու դեղորայքի պակասի մասին։ Շաբաթներ առաջ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը որոշում կայացուց, սա պարտադիր կատարման որոշում է։ Այս շրջափակումը միջազգային իրաւունքի խախտում է։

Ուղերձ կը յղում Իլհամի Ալիեւին՝ անյապաղ դադրեցնել շրջափակումը։ Ես կը հաւատամ, որ նախագահ Ալիեւ չուզեր դառնալ միջազգային նախայարձակ, ինչպէս նախագահ Փութինը։ Կը խրախուսէի Եւրոպական Միութիւնը առաւելագոյնի հասցնել իր ճնշումը Ալիեւի վրայ։ Քանի որ, ինչպէս մենք գիտենք, ԵՄ-ն արդէն Ատրպէյճանի հետ ուժանիւթի համագործակցութիւն ունի, այդ կրնայ գերազանց հարթակ ըլլալ, ուր Ալիեւին ըսեն, որ դուք չէք կրնար խախտել միջազգային իրաւունքը եւ մնալ անպատիժ։

Նաեւ կը խրախուսեմ Եւրոպական Միութիւնը աւելցնել դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ, համոզուելու համար, որ Ատրպէյճանը կը խուսափի Հայաստանի դէմ հետագայ յարձակումէն եւ համոզուելու, որ խաղաղութեան պայմանագիրը արդար կ'ըլլայ այն առումով, որ կ'երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի  ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ Մեզի անհրաժեշտ է միջազգային խաղաղապահներու մեխանիզմ, որ կ'երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը»,-նշած է Ռասմուսեն։

Ըստ Ռասմուսենի, ՀՀ վարչապետը շատ համարձակ յայտարարութիւն ըրաւ, նշելով, որ Հայաստանի համար ամենակարեւորը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորումն է․

«Այդ աւելի կարեւոր է, քան կարգավիճակը։ Սա ճկունութիւն է, որ Փաշինեանը կը ցուցաբերէ, նոյն ճկունութիւնը կ'ակնկալէի նաեւ Ատրպէյճանէն։ Ոչ Միացեալ Նահանգները, ոչ Եւրոպական Միութիւնը կ'ընդունին Հայաստանի վրայ յարձակումը։ Հայաստանը գոյութիւն ունենալու իրաւունք ունի։ Այն որ Արեւմուտքը ուժանիւթային շահեր ունի Ատրպէյճանի հետ, չի նշանակեր, որ աչք պիտի փակենք Հայաստանի դէմ յարձակման վրայ»,-ըսած է Ռասմուսեն։